ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՈՒ ԿՐԹՐՈՒԹԻՒՆ ՏԱԼ ԶԱՒԱԿՆԵՐՈՒՆ

Մեծ Պահքի 39-րդ օրն է:

«Իսկ դուք, հայրե՛ր, մի՛ զայրացնէք ձեր զաւակները, այլ զանոնք մեծցուցէք քրիստոնէական դաստիարակութեամբ եւ կրթութեամբ» (Եփ 6.4):

Պօղոս առաքեալ զաւակներուն խրատելէ ետք հնազանդիլ իրենց ծնողներուն՝ յիշեցնելով անոնց տէրունի պատուիրանը, ապա կը դառնայ եւ այս անգամ կը խրատէ ծնողներուն, որպէսզի իրենց զաւակները քրիստոսնէական դաստիարակութեամբ եւ կրթութեամբ մեծցնեն, առանց զայրացնելու զանոնք:

Այսօրուան մեր կեանքին եթէ նայինք, սակայն, պիտի անդրադառնանք, որ թէ՛ զաւակները եւ թէ՛ ալ մանաւանդ ծնողները շա՜տ հեռացած են իրենց իսկական պարտականութենէն, որն է՝ կրթել ու դաստիարակել իրենց զաւակները:

Հոգեւոր գործօնը եթէ պահ մը մէկ կողմ ձգենք, սովորական դաստիարակութեան մէջ ալ ծնողները թերացած են իրենց նուիրական պարտաւորութեան մէջ, որովհետեւ փոխանակ ազնիւ ու առաքինի մարդիկ պատրաստելու ընկերութեան համար, անդաստիարակ, լկտի եւ բարոյականութենէ զուրկ անհատներ սկսած են «պատրաստել»:

Արդարեւ, այսօր ինչքա՜ն մեծ է թիւը այն ծնողներուն, որոնք իրենց զաւակներուն անհնազանդութիւն կը սորվեցնեն, փոխանակ սորվեցնեն հնազանդ եւ հեզ ըլլան: Ինչքա՜ն մեծ է թիւը այն ծնողներուն, որոնք իրենց զաւակներուն հայհոյանք կը սորվեցնեն, փոխանակ անոնց բանաստեղծութիւն մը սորվեցնեն: Շարքը կարելի է երկարել:

Գալով հոգեւոր գործօնին, այսօր մեզմէ քանի՞ ծնող իր զաւակներուն Եկեղեցւոյ ճանապարհը կը սորվեցնէ: Քանի՞ ծնող իր զաւակներուն ձեռքերէն բռնած կիրակի առաւօտեան Եկեղեցի կը տանի՝ մասնակցելու Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին եւ հաղորդուելու Տէր Յիսուսով: Քանի՞ ծնող իր զաւակներուն կը դաստիարակէ բարոյականութեան հիմքերով: Քանի՞ ծնող իր զաւակներուն կը սորվեցնէ իր ծանր պահերուն դիմել Եկեղեցի, առանձնանալ Աստուծոյ հետ, զրուցել Անոր հետ եւ փորձել լուծումներ գտնել իր խնդիրներուն:

Այսօր կարծէք ամէն ինչ փոխուած է: Նիւթը, անբարոյականութիւնը, անկրթութիւնն ու լկտիութիւնը տիրող երեւոյթներու վերածուած են մեր առօրեայէն ներս, շուքի տակ ձգելով այն միւս բոլոր արժէքներն ու արժանիքները, որոնք մարդը ՄԱՐԴ կը դարձնեն:

Ծնողնե՛ր, գիտցէք թէ այսօր ի՛նչ սերմ որ կը սերմանէք, վաղը այդ ձեր ցանած սերմին պտուղը պիտի քաղէք, չսպասէք կամ չյուսաք տարբեր պտուղ քաղել: Հետեւաբար, սերմանելու ժամանակ իմացէ՛ք լաւ սերմ սերմանել, որպէսզի լաւ պտուղ քաղէք յետագային:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Մարտ 30, 2023