ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ

«Ուստի եւ կարող է միանգամ ընդմիշտ փրկել զանոնք՝
որ իրմով կը մօտենան Աստուծոյ. քանի որ ան միշտ
կենդանի է բարեխօս ըլլալու անոնց համար»
(Եբր. 7.25)

Գոհութիւն եւ փառք Աստուծոյ, որ այս տարի եւս մեր եկեղեցիներուն մէջ կատարուած արարողութիւններով, կ՚արժանանանք Քրիստոսի մեր մէջ յայտնութեան նպատակը տեսնելու, Աստուածային փրկարար մեծագոյն ծրագրին վկաները դառնալու եւ չարին դէմ տարուած յաղթանակը տօնելու։ Քրիտսոս «կորսուած ոչխարը» (Ղուկ. 15.4-7)՝ մարդկութիւնը, վերստին Աստուծոյ վերադարձնելու համար, կը փաթթուի խաչին։ Քրիստոս իր ուսերուն վրայ կը շալկէ մեղքով ծանրաբեռնուած մարդը եւ ցոյց կու տայ Աստուածային սէրը։ Այսօ՜ր, Քրիստոսի մահուամբ մահը խորտակուեցաւ եւ կենդանարար Ս. Յարութեամբ բոլորիս նոր կեանք շնորհուեցաւ։ Այս եզակի դէպքն է, որ կը տօնենք մեծ շուքով, Քրիստոսի՝ մեր Աստուծոյ աւելի ջերմ հաւատքով մօտենալու համար։ Օրհնութեան երգերով փառք տանք Աստուծոյ. Որովհետեւ.

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ

Սովորական դարձած, ողջոյնէ մը աւելին է. «ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ»ը։ Աւելի քան քսան դարերէ ի վեր, Յիսուս Քրիստոսի Ս. Յարութեան աւետիսը, անդադար կը յիշեցնէ Աստուծոյ առաջին վճիռներէն մին։ Եդեմական պարտէզի մէջ սատանան յաղթած էր Աստուծոյ պատկերին՝ մարդուն։ Աստուած, տեսնելով այս տխուր տեսարանը արձակած էր Իր վճիռը, որ օր մը կնոջ սերունդէն փրկիչ մը պիտի ծնէր, ճզմելու համար սատանային գլուխը (Ծննդոց 3.15)։ Ահա, Ս. Յարութեան տաղաւարին, պարապ գերեզմանէն տրուած աւետիսը, արձագանգն է Աստուծոյ մեծագոյն պատգամի իրականացումին. Աստուածային յաղթանակով, սատանային պարտութեան։ Հաւատացեալներ, իրարու կը մօտենան եւ նոր աւետիսով, նոր կեանքի բարի լուրը կը յայտարարեն. «Ո՞ւր է, ո՛վ մահ, քու խայթոցդ, ո՞ւր է, ո՛վ գերեզման, քու յաղթութիւնդ» (Ա Կորնթ. 15:55):

Չարը այլեւս իշխանութիւն չունի մարդուն վրայ, քանի մարդը ազատած է մեղքի եւ սատանայի գերութենէն։ Յարութեան յոյսով, մահը այլեւս իմացեալ մահ է, մահը իմացեալ անմահութիւն է։ Ցնծութեամբ կը լսենք ու կ՚իմանանք Յարութեան նպատակը եւ խնդութեամբ կը սորվինք, թէ անմահութեան ճանապարհը բաց է այլեւս մեր առջեւ։ Աստուծոյ յաղթանակի երգն է. «ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ»ը։

Արդեօք Աստուած կարօ՞տ է մեր օրհնութեան երգերուն։ Հարկաւ թէ՝ ոչ։ Սակայն, մարդը պէտք ունի Աստուծոյ եւ կարօտ է Իրեն։ Մենք օրհնութիւն կը կարդանք մեր Երկնաւոր Հօր, որպէս շնորհակալութիւն եւ գոհութիւն։ Աստուած Իր պատկերին նմանութեամբ ստեղծեց մարդը։ Աստուծոյ շնորհքով տարբերութիւն ունեցանք միւս արարածներէն, տիրանալով՝ միտքի եւ հոգիի։ Այս ինքնին բաւարար չէ՞ որ մեր երախտիքը յայտնենք Աստուծոյ։ «Ի՞նչ հատուցանեմ Տէրոջը՝ Անոր ինծի ըրած բոլոր բարութեանը փոխարէն» (Սղմ. 116.12)։

Յիսուսի յարութիւնը, բոլորիս կը ներշնչէ զօրաւոր համոզում եւ հաւատք։ Խաչեալ Փրկչի վերջին խօսքերէն մին կը յիշենք. «Հա՜յր, ներէ անոնց, որովհետեւ չեն գիտեր թէ ինչ կ՚ընեն» (Ղուկ. 23.34)։ Քրիստոսի խօսքերը ցոյց կու տան թէ, Ան մարմին առած է մեղաւոր մարդոց համար Հայր Աստուծմէ ներում խնդրելու. յանուն օրինազանց, մեղաւոր մարդու փրկութեան համար աղաչել Հօր Աստուծոյ։ Ան մեղաւորներու միջնորդն է Ս. Խաչին վրայ։ Պահ մը մտածենք, նոյնիսկ «եթէ չենք գիտեր, թէ ինչ կ՚ընենք»։ Կա՞յ նման տեսարան մը, տիեզերքի պատմութեան մէջ։ Կա՞յ մէկը, որ մարդկութիւնը, իր բոլոր սխալներով, մեղքերով հանդերձ այսքան սիրէ։ Կա՞յ մէկը որ, նոյնիսկ մահուան փուլին, Ս. Խաչի վրայ, յիշէ զինքը Խաչ հանող մարդկութիւնը։ Չկայ, չէ եղած եւ պիտի չըլլայ ալ։ Որովհետեւ մէկ է Քրիստոս, մէկ անգամ խաչուեցաւ, մէկ անգամ թաղուեցաւ եւ յարութիւն առաւ։ Իր Սուրբ Յարութիւնը նոյնիսկ պատճառ եղաւ, որ Իրեն հակառակորդ հասարակութիւնը վախնայ իր թափուր գերեզմանէն։ Քրիստոս, գերեզմանի մէջ չէ մնացած եւ «միշտ կենդանի է բարեխօս ըլլալու բոլորիս համար» (Եբրայեցիս, 7.25)։ Այսպէս մարդը փրկեց սատանայի գերութենէն։ Ան մեղաւոր մարդկութեան համար Երկինքի մէջ կը շարունակէ աղօթել այսօր, նստած՝ Հօր Աստուծոյ աջ կողմը: Ուրեմն պարտ է մեզ յիշել Քրիստոսը, երախտիքով խոնարհիլ Իր առջեւ, օրհնութիւններ երգել իրեն, Ս. Գիրք ընթերցել եւ անոր միջոցաւ լսել Աստուծոյ Խօսքին, աղօթել եւ աղօթքներուն մէջ յիշել, թէ Քրիստոս ներկայ է մեր մէջ։

Սիրելի հաւատացեալ ժողովուրդ,

«Աստուած, որ յարութիւն տուաւ Տիրոջ, ձեզի ալ յարութիւն պիտի տայ իր զօրութեամբ» (Ա. Կորնթացիս, 6.14)։ Անոնք որ հաւատացին ու դեռ կը հաւատան Քրիստոսի, Սուրբ Յարութեան, Աստուածային փրկութեան այս ծրագրին յաջողութեան, կ՚ապրին յարութեան եւ անմահութեան յոյսով։ Անոնց համար Քրիստոսի պարապ գերեզմանը աւելի ընդունելի է, քան մարդոց ոսկորներով լեցուն գեղեցիկ գերեզմանները։ Անոնց համար, Քրիստոսի տուած դառն խօսքերը աւելի քաղցր են, քան աշխարհի տուած անոյշ խօսքերը։ Անոնց համար Յարութիւնը նոր կեանք է, հաւատքի մէջ հաստատուելու առիթ է։ Անոնց համար Ս. Յարութեան տաղաւարը չի նշանակեր միայն հաւկթախաղ, պարզ մոմ մը վառել եւ պարզ «Քրիստոս յարեաւ» մը ըսել։ Անոնք գիտնալով ժամանակին յարգը, Քրիստոսով յայտնուած նոր կեանքը կը փնտռեն, փոխանակ կեանքի օրերը վատնելու (Եփեսացիս, 5.15-20)։ Միայն աշխարհին կապուածներ երբ Քրիստոսի անձին մէջ մահացած, կորսուած եւ իբրեւ թէ յաղթուած Նազովրեցի մը կը տեսնեն, քրիստոնեայ հաւատացեալներ իրենց աչքերը կը սեւեռեն կենդանի, ողջ Քրիստոսին, որ միշտ պատրաստ է զիրենք փրկելու Հօր Աստուծոյ բարեխօսելով։ Անոնք կեանքով կը լեցուին եւ կենդանութիւն կը բերեն իրենց պատկանած հասարակութեան։ Հետեւաբար, քրիստոնեան այս բոլորը նկատի ունենալով կը հրաւիրուի Քրիստոսի առջեւ ծունկի քալու։

Ո՜վ հայ քրիստոնեաներ. Սուրբ Գիրքը կարդացէ՛ք, ձեր եկեղեցւոյ մէջ աղօթեցէ՛ք, որպէսզի ձեր առողջ հաւատքով, ձեր եկեղեցին եւս պայծառանայ։ Եկեղեցին, որ հաւատացեալներու միութիւնն է, աւելի հարստանայ ձեր ներկայութեամբ։ Միշտ յիշենք, թէ քրիստոնէական հաւատքն է, Ս. Գիրքն է, Եկեղեցին է, աղօթքն է մեր անմահութեան ճամբան։ Ս. Յարութեան տաղաւարին կը հրաւիրուինք անմահութեան ճամբէն քալելու։

Թող Աստուած ընդունի մեր աղօթքները եւ խնդրանքները եւ իրականացնէ բոլորիս բարի փափաքները։ Ս. Երեք Մանուկները՝ Անանիա, Ազարիա եւ Միսայէլ, մեզ կը հրաւիրեն Աստուծոյ փառքը երգել հետեւեալ բառերով.

Օրհնեցէք, գովեցէք եւ բարձր արարէք զՆա յաւիտեան։
Օրհնեցէք. ամենայն գործք Տեառն. զՏէր. օրհնեցէք եւ բարձր արարէք զնա յաւիտեան:

Հաստատուած՝ լոյս հաւատքի արմատին վրայ, զօրացած՝ նոր կեանքի աւետիսով եւ յոյսով, լեցուած՝ Աստուածային սիրով, միաբերան օրհնե՛նք Յարուցեալ Փրկիչը։

Օրհնե՛նք, նոյն շունչով օրհնենք Փրկիչը, որ մեռելներէն յարութիւն առաւ։

Գովե՛նք Փրկիչը, որ մեզ առաջնորդեց խաւարէն դէպի լոյս, մահէն դէպի կեանք։

Օրհնեա՜լ է Քրիստոսի փրկարար տնօրինութիւնը։

Օրհնեա՜լ է չարչարանքները եւ խաչելութիւնը՝ անմահ Աստուծոյ։

Օրհնեա՜լ է անմահութեան աղբիւրը, Անմահին Սուրբ Գերեզմանը, որմէ մեզի պարգեւուեցաւ անմահութիւնը։

Օրհեա՜լ է Յարուցեալ Տէրը։

Եկէ՛ք, միասնաբար օրհնենք անունը Յարուցեալ Տիրոջ, որ միշտ օրհնեալ է յաւտեանս յաւիտենից. ամէն։

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Շաբաթ, Մարտ 30, 2024