ՀԱՅԱՆՊԱՍՏ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԸ

Յուզումով կը հետեւինք սովորական կնոջ մը հայերէնի մասին ոչ-հայախօս դասախօսութեան, զոր կը քննադատէ Պատրիարքական Աթոռոյ հայանպաստ առաքելութիւնը։ Սովորական կը կոչեմ, նկատի ունենալով, որ հայերէնի մասին մասնագիտութիւնը անկ է եկեղեցական եւ կամ կրթական ասպարէզէ ներս «ուսուցիչ» կոչուածներուս եւ ոչ-կրթական անձ մը պարզապէս հայկական վարժարանէ շրջանաւարտ ըլլալով կարող չէ ուսուցիչներուն եւ աւելին՝ հոգեւորականներուն դաս տալու։ Սովորական կը կոչեմ, վասն զի այդ արտայայտութեան մէջ Նորին Ամենապատուութեան հասցէագրուած է, թէ՝ հայերէնի կարեւորութիւն չէ տուած, բան մը, որ բոլորովին սուտ վկայութիւն է ըստ համայնքի։ Եւ Աթոռոյս «ուսուցիչ» կոչուած միաբաններէն մին ըլլալով  կ՚ուզեմ յիշեցնել գոնէ հետեւեալները.

1- Առաջին անգամ 2022-ին երբ համայնքային ընդունելութիւն մը միայն ՀԱՅԵՐԷՆՈՎ կը կատարուի նախագահութեամբ Պատրիարք Հօր, կը կարծեմ, թէ սա նշանն է հայապահպանման։

2- Երբ ՀԱՅՐԷՆԻ դասատուներ եւ տնօրէններ Պատրիարքարանի մէջ կը համախմբուին ՀԱՅԵՐԷՆՆ ու ԿՐՕՆՔԸ բարելաւելու համար եւ այս մասին լրատուութիւնք կը տեսնենք, կը կարծեմ, թէ սա նշանն է հայապահպանման։

3- Երբ Պատրիարքարանէ ներս ՀԱՅԵՐԷՆ գիրքեր կը տպագրուին, կը կարծեմ, թէ սա նշանն է հայապահպանման։

4- Երբ բոլոր քարոզները նախ ՀԱՅԵՐԷՆ ու ապա թրքերէն կը խօսի Պատրիարք Հայրը, սա նշանն է հայապահպանման։

5- Պատրիարք Հայրը ամէն առիթով ՀԱՅ մամուլին կարեւորութիւնը կը շեշտէ եւ նիւթական ու բարոյական զօրակցութեան կոչեր կ՚ընէ։ Սա նշանն է հայապահպանման։

6- Երբ գաւառացի ոչ-հայախօս ժողովուրդի մէջ ՀԱՅԱԽՕՍ քահանայ մը կը նշանակուի որպէս գաւառի տեսուչ եւ կը սկսի ժողովուրդին մեր եկեղեցին պատմել, որպէսզի անոնք ուրիշ հաւատալիքներու մէջ չկործանուին, սա նշաննէ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ առաքելութեան պահպանման։

Հետեւաբար շատ է տակաւին պտղատու ծառայութիւնը. բան մը, որ պատիւ կը բերէ մեր համայնքին եւ սփիւռքահայութիւնը հազարներով կը հետեւին մեր Ս. Աթոռի գահակալին ՀԱՅԵՐԷՆ ՔԱՐՈԶՆԵՐՈՒՆ ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի։ Սա պատիւ է մեր Աթոռին եւ եկեղեցւոյ։

Եւ հայապահպանութիւնը տակաւին գործնական է Պատրիարքարանի մէջ, երբ քննադատական գրութիւնները կը կատարուին թրքերէն՝ ի շահ հայերէնին եւ մեր Աթոռը կը շարունակէ նաեւ հայերէնին նախապատուութիւն ընծայել։

Սիրով ու աղօթքով՝

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲՂ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Միաբան Պոլսոյ Պատրիարքութեան

28 մայիս 2022, շաբաթ
Սուրբ Էջմիածին

Երկուշաբթի, Մայիս 30, 2022