ՕՏԵՍԱՅԷՆ ՊԱՏԱՆԻՆԵՐՈՒ ՀԵՏ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Օտեսայի (Ուքրայնա) Հայկական մշակութային կեդրոնի կիրակնօրեայ դպրոցի եւ մանկապարտէզի սաները։ Հանդիպման սկիզբին կեդրոնի տնօրէնուհի Աննա Գէորգեան Վեհափառ Հայրապետին տեղեկութիւններ փոխանցեց դպրոցի եւ մանկապարտէզի գործունէութեան շուրջ։ Ան ընդգծեց, որ սաներուն համար դէպի Հայաստան ուղեւորութիւն մը կազմակերպուած է, որպէսզի անոնք ճանչնան մայր հայրենիքը։ Տնօրէնուհին դիտել տուաւ, որ դպրոցի տղաքը 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին հանդէս եկած են համերգներով, որոնց հասոյթը տրամադրուած է Արցախին։ Վեհարանի մէջ ալ տղաքը հանդէս եկան հոգեւոր, ազգային եւ հայրենասիրական երգերու եւ բանաստեղծութիւններու կատարումներով։

Նորին Սրբութիւնը պատանիներուն փոխանցեց իր հայրական օրհնութիւնը։ Ան գնահատեց նաեւ անոնց ծնողներն ու մանկավարժները, որոնք սաները ազգային ոգիով կրթելու եւ դաստիարակելու հետամուտ են։ Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց, որ անոնք հայ ժողովուրդի յոյսն են, կամքն ու ապագան։

Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը տեղեկութիւններ քաղեց նաեւ Օտեսայի հայ համայնքի կեանքին եւ հայկական կառոյցներու գործունէութեան շուրջ։

Չորեքշաբթի, Յունիս 30, 2021