ԳԻՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԱՌ ԱԶՆԻՒ ԱՆԴԱՄՈՑՆ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻ, ՈՐՔ ԲՆԱԿԻՆ Ի ՄԱԼԱԹԻԱ

Մեզի համար հոգեւոր մեծ գոհունակութիւն եւ ուրախութիւն է ողջունել Աստուծոյ փառքին ընծայուած տաճարի մը վերականգնումը, յետ իրականացած հիմնական վերանորոգչական աշխատանքներու։

Ամենասուրբ Երրորդութեան անուան ընծայուած պատմական տաճարը աւելի քան դարէ մը ի վեր կը գտնուէր անմխիթար վիճակի մը մէջ։ Այդ վիճակին ի տես շատ հոգիներ այսօր ի Քրիստոս կը ննջեն առանց վայելելու այն ուրախութիւնը, զոր մենք կ՚ապրինք այսօր։ Այս ուրախալի ու յոյժ երջանկացուցիչ պահը մենք կը պարտինք նախ եւ առաջ աղօթքի զօրութեան։ Վստահ ենք, թէ շատեր աղօթք առաքեցին առ Աստուած այս աղօթքի տան վերականգնումին համար։ Շատեր իրենց պապենական հաւատքին զօրութեամբ աղօթեցին, որպէսզի Աստուած արժանացնէ զիրենք աղօթք բարձրացնելու այս տաճարի սրբազան երդիքին տակ։ Շատեր սրտի խորերէն հաւատքով, յոյսով եւ սիրով արտասանուած խնդրանքներով ու մաղթանքներով շարժեցին երկինքը։ Եւ այսօր հաւատացեալ սրտերէն բղխած աղօթքներուն իբր պատասխան կը հրաւիրուինք ուրախանալու Ս. Գրքի բառերով. «Այսօր է զոր արար Տէր, եկա՛յք ցնծասցուք եւ ուրա՛խ եղիցուք ՚ի սմա» (Սաղմոսք, 117.24)։ Այսօր երբ այս պատմական տաճարին մէջ Ս. Պատարագ կը մատուցուի, կը հաւատանք որ ի Քրիստոս ննջած քաղաքացիներու հոգիները ներկայ են Ս. Սեղանին շուրջ։

Այսօր հաւատացեալներ զիրար կ՚ողջունեն ըսելով. «Ուրախ եղէ ես ոյք ասէին ցիս. ի տուն Տեառն երթիցուք մեք» (Սաղմոսք, 121.1)։

Գոհութիւն եւ փառք կու տանք Ամենակալին, որ մեր բարեխնամ պետութիւնը դրական մերձեցումով, ըրաւ ամէն ինչ, որպէսզի այս աղօթքի տունը ներկայանալի վիճակ մը ստանայ, որ պարծանքն է նաեւ պատմական Մալաթիա քաղաքին։ Տեղական ինքնակառավարման մարմիններ եւս աջակցեցան ու այսօր աղօթք կ՚առաքենք առ Աստուած վասն բարօրութեան մեր երկրին՝ Թուրքիոյ։ Յանուն մեր համայնքին կը յայտնենք մեր շնորհակալութիւնները բոլորին, մաղթելով յաջողութիւն իրենց հայրենանուէր գործունէութեանց մէջ։

Այս ուրախ առիթով մեր հայրական օրհնութիւնները կու տանք յատկապէս Մալաթիոյ մեր համայնքի անդամներուն, որոնք կ՚ապրին ու կ՚ապրեցնեն քրիստոնէական հաւատքը, հաւատարիմ մնալով Քրիստոսի խօսքին՝ «կայսեր պատկանածը կայսեր, Աստուծոյ պատկանածը Աստուծոյ» տալով (Ղուկաս, 20.25)։ Որպէս պատուաւոր ու հաւատարիմ քաղաքացիներ կը գործեն ու կ՚ապրին Մալաթիոյ մէջ իրենց հարեւաններու հետ, ունենալով առօրեայ երկխօսութիւն եւ կու տան վկայութիւնը մեր ժողովուրդի շինարար ոգիին։ Մենք գնահատանքով կ՚արձանագրենք իրենց հոգածու կեցուածքը հանդէպ քաղաքի հայոց գերեզմանատան ու Ս. Յարութիւն մատրան։ Յատկապէս կը գնահատենք, որ այս գողտրիկ աղօթատեղիին մէջ կ՚ապրի Հայ Եկեղեցւոյ հոգեւոր երգը եւ աղօթքը։

Մենք կ՚օրհնենք նաեւ մեր համայնքի բնիկ մալաթիացի անդամները, որոնք հեռու մնալով հանդերձ կը փորձեն պահել իրենց ծննդավայրի աւանդութիւնները, միանգամայն հոգեւոր եւ տոհմիկ կապ պահելով իրենց քաղաքին հետ։ Այս գծով կը գնահատենք Պոլսոյ մէջ գործող Մալաթիացիներու հայրենակցական միութեան վարչութիւնը եւ անդամները, որոնք եւս ունեցան իրենց ներդրումը տաճարի վերանորոգութեան աշխատանքներու յաջողութեան։

Հուսկ՝ մեր գնահատանքը եւ շնորհակալութիւնը կը յայտնենք բոլոր անոնց, որոնք առողջ երկխօսութեամբ իրենց ներդրումը ունեցան այս գեղեցիկ գործին յաջողութեանը համար։ Աստուած վարձահատոյց ըլլայ բոլորին։

Շնորհք, սէր եւ Աստուածային սրբարար զօրութիւն եղիցի ընդ Ձեզ եւ ընդ մեզ ամենեսին. ամէն։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 30, 2021