ՄԻՋԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՅՈԲԵԼԵԱՆ

Քաղաքիս Իտալական մշակոյթի կեդրոնին մէջ նախընթաց օր նշուեցաւ միջեկեղեցական յատկանշական յոբելեան մը։ Հաւաքոյթին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։

Յիսուն տարի առաջ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ երանաշնորհ քահանայապետ Պօղոս Զ. Պապն ու Ուղղափառաց երանաշնորհ ծայրագոյն պատրիարք Աթենակորաս ունեցած էին պատմական հանդիպում մը։ Սա միջեկեղեցական լուրջ քայլ մը եղած էր, որովհետեւ այդ պատմական հանդիպումով, երկու հոգեւոր պետերու ողջագուրումով վերահաստատուած էր Կաթոլիկ եւ Ուղղափառ եկեղեցիներու միջեւ ի Քրիստոս եղբայրութիւնը։ Աւելի քան հազար տարուան բանադրութիւնները փոխադարձ համաձայնութիւնով վերջ գտած էին անոնց միջեւ։ Երկու եկեղեցիներու բարւոք յարաբերութիւնները յաջորդած տասնամեակներուն ամրապնդուեցան՝ փոխադարձ շփումներով։ Պոլսոյ մէջ յիսուն տարի առաջ առնուած միջեկեղեցական հաշտութեան հսկայ քայլի յոբելենական տօնակատարութիւնները նախընթաց օր կատարուեցան Իտալական մշակոյթի կեդրոնին մէջ։ Հաւաքոյթը գլխաւորեց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքը։ Յանուն Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Քահանայապետին արարողութեան մասնակցեցաւ Վատիկանէն Կարտինալ Քուրտ Քոխ։ Այս վերջինը փոխանցեց Սրբազան Քահանայապետին պատգամը։ Յոբելենական հաւաքոյթին հրաւիրուած էին նաեւ քաղաքիս զանազան քրիստոնէական յարանուանութիւններու հոգեւոր առաջնորդները։

Պատրիարքարանի աղբիւրներու հաղորդումներով, Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան յոբելեանին առթիւ շնորհաւորութիւններ յղեց՝ յանուն տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 30, 2017