ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը երէկ Անթիլիասի մէջ հիւրընկալեց Կաթողիկէ Հայոց Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. նորընտիր կաթողիկոս-պատրիարքը։ Անթիլիասի Կաթողիկոսարանէն ներս ջերմ մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցաւ անոնց զրոյցը, որուն ներկայ գտնուեցան Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան, Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան, ինչպէս նաեւ հայ կաթողիկէ կղերէն բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ։

Երկու հոգեւոր առաջնորդները աւելի քան ժամ մը կարծիքի փոխանակումներ ունեցան զանազան նիւթերու շուրջ. ինչպէս՝ հայ ժողովուրդի առկայ հարցերը, Հայաստանի դիմագրաւած մարտահրաւէրները եւ Լիբանանի տագնապալի կացութիւնը։ Անոնք շեշտեցին եկեղեցիներու գործակցութիւնը ամրապնդելու, հայ ժողովուրդի միասնականութիւնը ամրացնելու եւ առկայ բոլոր մարտահրաւէրները միասնական ջանքերով դիմագրաւելու անհրաժեշտութիւնը։ 

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 30, 2021