ՔԱՆԻ ՄԸ ՕՐ ՀԱՆԳԻՍՏ

Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Սուրբ Աթոռի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան այս օրերուն կը մնայ դարմանման տակ։ Ինչպէս հաղորդած էինք, Նորին Սրբազնութիւնը Յունաց Պատրիարքութեան հրաւէրով պիտի այցելէր քաղաքս ու զեկուցում մը պիտի ներկայացնէր կազմակերպուած գիտաժողովի ընթացքին, սակայն, երէկ անակնկալօրէն ջնջած էր իր այցելութիւնը։ Այս պարագան թէեւ լայն արձագանգ եւ մտահոգութիւն յառաջացուցած էր, սակայն, բարեբախտաբար, Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի համար լուրջ բարդութիւն մը խնդրոյ առարկայ չէ։ Կը տեղեկանանք, որ ան անցած է բժշկական քննութենէ եւ իր մօտ ախտաճանաչուած է ականջի բորբոքում։ Սաստիկ գլխու պտոյտը պատճառ դարձած է այդ բորբոքման եւ, ըստ էութեան, այս հանգամանքին հետեւանքով Նորին Սրբազնութիւնը չէ կարողացած ճամբորդել։ Յամենայնդէպս, իրեն համար նախատեսուած դեղերը առնելէ եւ քանի մը օր հանգիստի մէջ մնալէ վերջ ան պիտի վերագտնէ իր առողջութիւնը։

Այս առթիւ արագ ապաքինում եւ կատարեալ առողջութիւն կը մաղթենք սիրելի Սրբազանին։  

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 30, 2021