Ս. ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդէն (ԵՀԽ) պատուիրակութիւն մը։ Հարկ է նշել, որ ԵՀԽ-ի այս պատուիրակութիւնը Հայաստան այցելած է՝ ԵՀԽ «Հայաստանեան կլոր սեղան» հիմնադրամի հրաւէրով։ Հիւրերուն ուղեկցեցաւ Կարէն Նազարեան, որ այս հիմնադրամի գործադիր տնօրէնն է։ ԵՀԽ-ի պատուիրակութիւնը Հայաստան այցելած է «Արդարութեան եւ խաղաղութեան ուխտագնացութիւն» առաքելութեան շրջանակներէն ներս։ Վեհափառ Հայրապետը զրոյցի ընթացքին հիւրերուն ներկայացուց յետպատերազմեան ծանր իրավիճակը Հայաստանի եւ Արցախի մէջ։ Ան վստահութիւն յայտնեց, թէ հայ ժողովուրդը շնորհիւ իր քրիստոնէական հաւատին, պիտի յաղթահարէ իր առջեւ ծառացած բոլոր մարտահրաւէրները։

Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ պատերազմէ վերջ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ յայտնուած տարածքներէ ներս հայկական մշակութային-կրօնական ժառանգութեան ոչնչացման ու իւրացման փաստերուն։ Այս կապակցութեամբ ան կարեւորեց միջազգային համապատասխան ատեաններու եւ միջեկեղեցական զանազան կառոյցներու կողմէ Ատրպէյճանի որդեգրած քաղաքականութեան խստագոյն դատապարտումն ու կանխարգելումը։

Երեքշաբթի, Մայիս 31, 2022