ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ՋԱՒԱԽՔԱՀԱՅ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը վերջերս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց խումբ մը ուխտաւորներ, որոնք մեկնած էին Ախալցխայէն եւ Սամցխէ-Ջաւախքէն։ Ուխտաւորներուն ուղեկցեցաւ Ախալցխայի հոգեւոր հովիւ Տ. Յակոբ Աբեղայ Սահակեան։

Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը փոխանցեց իր օրհնութիւնը ուխտաւորներուն։ Ան ընդգծեց, որ Վրաստան կատարած հովուապետական այցելութեան ժամանակ տեսած է ջաւախքահայութեան զօրաւոր հաւատքը, ազգային նկարագիրը կերտելու ջանքն ու եռանդը, ինչպէս նաեւ սէրն ու նուիրումը համայն հայութեան հոգեւոր կեդրոնի նկատմամբ։

Վեհափառ Հայրապետը հետաքրքրուեցաւ դէպի Հայաստան ուխտագնացութենէն ուխտաւորներու տպաւորութիւններով, ինչպէս նաեւ Ախալցխայի եւ տարածքաշրջանի հայութեան հոգեւոր կեանքով ու առկայ խնդիրներով։

Նորին Սրբութիւնը ուխտաւորներուն յորդորեց հաւատարիմ մնալ իրենց նախնեաց ազգային ու հոգեւոր արժէքներուն։ Վեհափառ Հայրապետը յատուկ ուշադրութեան արժանացուց ուխտագնացութեան երիտասարդներու կողմէ բերուած մասնակցութեան փաստը։ Ան կարեւորեց, որ երիտասարդները ճանչնան ու հաղորդ ըլլան այն սրբութիւններուն եւ արժէքներուն, որոնք օգնած են հայ ժողովուրդին յաղթահարել իրենց բաժին ինկած իւրաքանչիւր փորձութիւն։

Զրոյցի տեւողութեան Նորին Սրբութիւնը յայտնեց իր գնահատանքը Վիրահայոց թեմի հոգեւորականաց դասու անդամներուն՝ իրենց առաքելութիւնը նախանձախնդրութեամբ ու նուիրումով իրականացնելու եւ ազգային արժէքները պահպանելու համար։

Հուսկ, Վեհափառ Հայրապետը ուխտաւորներուն մաղթեց, որ Աստուած նորոգէ անոնց ուխտը՝ մշտապէս զանոնք պահելով իր սիրոյ եւ խնամքին ներքեւ։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 31, 2019