ՊՈՒՐԿԱԶ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ ՀԱՅԱԾԷՍ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ

Պատրիարքական Աթոռի կարգադրութեամբ, շաբաթավերջին Պուրկազ կղզիի Այիոս Եուաննիս յունաց եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հայածէս Ս. Պատարագ։ Ինչպէս ծանօթ է, ամրան շրջանին Իշխանաց կղզիներու բնակիչ մեր համայնքի անդամներուն համար պարբերաբար կը կազմակերպուին հովուական այցելութիւններ։ Շաբաթ օրուան Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Յարութիւն Վարդապետ Տամատեան, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Ներկայ էր նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քահանայ Տամատեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Արման Սրկ. Մարաշլեան, նաեւ ուրարակիրներ Արի Տեմիրճիօղլու, Սեւան Տէյիրմենճեան եւ Էմիլ Ըրկաւ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան ներկայ ուխտաւոր դպիրներու կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Եդուարդ կիսասարկաւագ Վարժապետեանի։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, հոգեւոր հայրերն ու Ս. Պատարագին մասնակից հաւատացեալները համախմբուեցան թէյասեղանի մը շուրջ՝ անմիջական զրոյցի մթնոլորտին մէջ։

Երկուշաբթի, Յուլիս 31, 2023