ՎԵՐԱՄՈՒՏԻ ԱՌԹԻՒ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿՆԵՐՈՒ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԳ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ

2021-2022 կրթական շրջանի վերամուտին առթիւ երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ մասնաւոր արարողութիւն մը։ Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանի մէջ ամէն տարի 1 սեպտեմբերը վերամուտ է, ուստի, վերամուտի ընդառաջ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ կրթութեան մշակներու օրհնութեան կարգ։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նախագահեց այս հանդիսաւոր արարողութեան, որ Մայրավանքի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ Ս. Տրդատի բաց խորանին առջեւ։

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնին կողմէ կազմակերպուած էր այս արարողութիւնը, որու մասնակիցներու շարքին էին Հայաստանի կրթութեան տեսչական մարմնի ղեկավար Ալեքսանտր Շակաֆեան, մարզային կրթական կառոյցներու ղեկավարներ, համալսարաններու վերատեսուչներ, Հայաստանի զինեալ ուժերու ռազմակրթական համալսարաններու պետեր, Երեւանէն ու մարզերէն դպրոցներու տնօրէններ ու բազմաթիւ կրթական մշակներ։

Օրհնութեան կարգի աւարտին Վեհափառ Հայրապետը կրթութեան ոլորտի երախտաւորներուն փոխանցեց իր գնահատանքը եւ հայրական օրհնութիւնները։ Հուսկ տեղի ունեցաւ նաեւ ընդունելութիւն մը։

Նորին Սրբութիւնը պատգամին մէջ ուրախութիւն յայտնեց՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէ ներս վերստին ողջունելով կրթական մշակները։ Ան ընդգծեց, որ նոր ուսումնական տարուայ մեկնարկին կրթական մշակները ուխտաւորաբար Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին կ՚այցելեն, որպէսզի Աստուծոյ օրհնութեամբ սկսին իրենց շնորհակալ առաքելութեան։

«Ձեր հոգածութեան ներքեւ ուսում կ՚առնեն ու կը կրթուին մեր ժողովուրդի զաւակները՝ մեր երկրի ապագայ քաղաքացիները։ Արդարեւ, մեծ պատասխանատուութիւն ու մեծ պատիւ է մանկավարժ ըլլալը, որովհետեւ իւրաքանչիւր ազգի յուսալի ապագան կը պայմանաւորեն ուսումը, կրթութիւնն ու դաստիարակութիւնը։ Յատկապէս արդի ժամանակներուն, բազմակողմանի ու արագընթաց դարձած մեր կեանքի բոլոր ոլորտներուն մէջ առաւել կը զգանք այդ իրողութիւնը։ Համաշխարհայնացման համահարթեցնող ընթացքներու եւ օրէ օր նորացող գիտական ձեռքբերումներու դէմ յանդիման՝ այսօր արդիական գիտելիքի ուսուցման հաւասարազօր կը կարեւորուի հոգեւոր նկարագրի ու ներաշխարհի ձեւաւորումը», ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը։

Աւելի վերջ Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ Հայաստանի վերջին զարգացումներուն, Արցախի պատերազմին, երկրի ներկայ ծանր ու անկայուն վիճակին։ Իր խօսքով՝ այս բոլորը կը վկայեն, թէ որքան մեծ տեղ պէտք է տրուի կրթութեան ու մրցունակ գիտելիքին կեանքի մէջ։ «Մեր կրած փորձութիւնը եւ շարունակուող դժուարութիւնները առաւել կը շեշտադրեն նաեւ ճշմարիտ արժէքներով կերտուած աշխարհայեացքի, վեհ իտէալներու եւ ձգտումներու կարեւորութիւնն ու պահանջը։ Այս բոլորը նախ եւ առաջ կը սերմանուին, կ՚աճին ու կը զարգանան կրթօճախներու եւ ընտանիքներու մէջ։ Կրթութիւնը ամենահզօր զէնքն է։ Դարերու ընթացքին մեր ժողովուրդը մաքառած ու գոյատեւած է եւ իր կեանքը կերտած ու վերակերտած է ամբարած գիտելիքի, ճանաչողութեան ու հմտութիւններուն շնորհիւ։ Այսօր նոյնպէս հայրենիքի անվտանգութիւնն ու ապահովութիւնը պէտք է խարսխուած ըլլան մեր երիտասարդներու ձեռք բերած գիտելիքներու, ինքնաճանաչողութեան, հայրենասիրութեան ու ազգասիրութեան վրայ։ Մատուցուող գիտելիքն ու կրթութիւնը ամրօրէն հաստատուած պէտք է ըլլան ազգային-աւանդական արժեհամակարգի վրայ։ Մեր խնդիրը այսպէս կոչուած՝ աշխարհաքաղաքացի պատրաստելը չէ, այլ՝ հայրենասէր, բարոյական բարձր յատկանիշներով օժտուած, ազգային դիմագիծով, ուսեալ, բարեկիրթ անձ եւ նախանձախնդիր քաղաքացի։ Այս առումով կը կարեւորենք ամբողջական ծրագրով «Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան» պարտադիր դասաւանդումը դպրոցի մէջ։ Այսօր իւրաքանչիւրս պէտք է հոգ տանինք, որպէսզի կրթութեան ոլորտէ ներս ձեռնարկուած բարեփոխումները, որոնց շուրջ արտայայտուելու առիթը ունեցած ենք, չվնասեն, այլ իրապէս օգտակարութիւն ունենան մեր մատաղ սերունդի կրթութեան գործին մէջ», շարունակեց Վեհափառ Հայրապետը։

Վերամուտի ընդառաջ Վեհափառ Հայրապետը յիշեցուց, որ Հայ Եկեղեցին, ինչպէս բոլոր ժամանակներուն, պիտի շարունակէ աջակցիլ կրթութեան ու գիտութեան զարգացման։ «Պիտի շարունակենք համագործակցիլ նախարարութեան եւ կրթօճախներու հետ՝ ապագայի բարի յոյսերով ու հաւատով», եզրակացուց Նորին Սրբութիւնը եւ առ Աստուած աղօթքով հայցեց, որ երկնաւոր Տէրը օրհնէ մանկավարժներու աշխատանքը բարի արգասիքներով եւ բազմապատկէ անոնց ուժն ու եռանդը, բարի վաստակը Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 31, 2021