ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ 11-ՐԴ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԸ ԿԸ ՍԿՍԻ ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ՄԷՋ

Գերմանիոյ Քառլսռուէ քաղաքին մէջ այսօր կը սկսի Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի (ԵՀԽ) 11-րդ գագաթաժողովը, որ պիտի շարունակուի մինչեւ սեպտեմբերի 8-ը։ Այս անգամուան համագումարը կազմակերպուած է՝ «Քրիստոսի սէրը կ՚առաջնորդէ աշխարհը» նշանաբանով։ ԵՀԽ-ի համագումարները կը կազմակերպուին եօթ տարին անգամ մը։ Համավարակի սահմանափակումներէն յետոյ, այս անգամուան համագումարը աշխարհի տարբեր ծագերէ աւելի քան 300 եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ կը համախմբէ այս կարեւոր համաքրիստոնէական հարթակին վրայ։ Սա էքիւմենիք ամենակարեւոր գագաթաժողովներէն մին է, որուն կը մասնակցի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան կողմէ բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը։ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի պաշտօնական պատուիրակները ԵՀԽ-ի 11-րդ գագաթաժողովի լիագումար նիստերուն մասնակցելու առընթեր, կը ներգրաւուին աշխատանքային խումբերու հանդիպումներուն։ Անոնք գործօն մասնակցութիւն կը բերեն ԵՀԽ-ի անցեալ աշխատանքներու ամփոփման եւ ապագայ ծրագրերու պատրաստութեան։

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ ու տնօրինութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի պատուիրակութեան կազմը ձեւաւորուած է ըստ հետեւեալի.

Տ. Վիգէն Արք. Այգազեան (Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմ), Տ. Արմաշ Եպսկ. Նալպանտեան (Դամասկոսի հայոց թեմի առաջնորդ), Տ. Յովակիմ Եպսկ. Մանուկեան (Անգլիոյ թեմակալ առաջնորդ), Տ. Գէորգ Եպսկ. Սարոյեան (Մասիացոտնի թեմակալ առաջնորդ), Տ. Սերովբէ Եպսկ. Իսախանեան (Գերմանիոյ հայոց թեմակալ առաջնորդ), Տ. Գարեգին Վրդ. Համբարձումեան (Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Քարոզչական կեդրոնի տնօրէն), Սահակ Սրկ. Սուքիասեան (Ֆրանսայի հայոց թեմ), երէցկին Արփի Քուզուեան (Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմ), Տքթ. Տիանա Ծաղիկեան (Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին), Էրիքա Արեւանա (Նոր Նախիջեւանի  եւ Ռուսաստանի հայոց թեմ) եւ Մանիա Քէշիշեան (Գանատայի հայոց թեմ)։

Հարկ է նշել, որ ԵՀԽ-ի համաժողովին կը մասնակցի նաեւ Անթիլիասէն պատուիրակութիւն մը։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 31, 2022