«ԳԹՈՒԹԵԱՆ ԽՈՀԱՆՈՑ»Ը ՇԱՐՈՒՆԱԿԱԿԱՆ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերջին օրերուն ընդունեց «Գթութեան խոհանոց»ի կառավարման կոմիտէի ղեկավար Քլաուս Փաւելի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւն մը։ Հարկ է նշել, որ «Գթութեան խոհանոց»ը կը գործէ Գերմանիոյ մէջ եւ աւելի քան քսան տարիէ ի վեր բարեգործական ծրագիրներ կ՚իրականացնէ Հայաստանի մէջ։ Վեհափառ Հայրապետը զրոյցի ընթացքին բարձր գնահատանք յայտնեց՝ «Գթութեան խոհանոց»ի կողմէ Հայաստանէ ներս ընկերային աջակցութեան բնոյթով ծրագրերու կեանքի կոչման կապակցութեամբ։ Իր կարգին, Քլաուս Փաւելն ալ հաւաստիացուց, որ աջակցութեան ծրագիրները պիտի ըլլան շարունակական։

Զրոյցի տեւողութեան Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ 44-օրեայ պատերազմին եւ Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի դէմ սանձազերծուած բռնութիւններուն հետեւանքով յառաջացած մարդասիրական ծանր հարցերուն։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 31, 2022