ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ԿԵՉԱՌԻՍ ԱՅՑԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ կը գտնուի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, շաբաթավերջին ուխտի այցելութիւն մը տուաւ Կոտայքի թեմ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այս առթիւ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցաւ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Առաքել Արք. Քարամեանի կողմէ։ Նորին Ամենապատուութիւնը իր ուխտի աղօթքը կատարեց Կեչառիսի պատմական վանքի սրբազան կամարներուն ներքեւ։ Իրեն ընկերացան նաեւ Տ. Վազգէն Արք. Միրզախանեան եւ Տ. Պօղոս Վրդ. Վարդանեան։

Վանական համալիրէն ներս, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ Տ. Առաքել Արք. Քարամեան ողջոյնի խօսք մը արտասանեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր այցելութեան առթիւ։ Նորին Ամենապատուութիւնն ալ շնորհակալութեան խօսքին մէջ դրուատեց թեմակալ առաջնորդին գլխաւորութեամբ ծաւալուած աշխատանքին դրական արդիւնքները։

Կեչառիսի վանքի ուխտի աղօթքէն վերջ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը առաջնորդուեցաւ Կոտայքի թեմի առաջնորդարան, ուր տեղեկութիւններ ստացաւ թեմական կեանքի մասին։

Հարկ է նշել, որ այցելութեան վառ պահերէն մին էր, երբ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շրջապատուեցաւ ուխտաւոր երիտասարդներու կողմէ, որոնց տուաւ իր օրհնութիւնը։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 31, 2022