ՄԱՂԹԱՆՔՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆԱԿՈՒՄ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը երէկ Անթիլիասի մէջ հիւրընկալեց Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ նորընտիր Կաթողիկոս-պատրիարք Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ-ը, որուն կ՚ընկերանային շարք մը բարձրաստիճան հոգեւորականներ։ Կիլիկեան Աթոռի աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու հոգեւոր առաջնորդներու զրոյցը տեւեց շուրջ ժամ մը։ Անոնք Նոր տարուայ եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւարին առիթով բարեմաղթութիւններ փոխանակեցին։ Արամ Ա. Կաթողիկոս եւ Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ Կաթողիկոս-պատրիարքը նաեւ կարծիքներ փոխանակեցին՝ հայ ժողովուրդի հրատապ օրակարգի խնդիրներուն շուրջ։

Երեքշաբթի, Յունուար 4, 2022