ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը երէկ Անթիլիասի մէջ ընդունեց Պէյրութի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորոթի Շին։ Աւելի քան ժամ մը տեւեց այս հանդիպումը, որուն ներկայ գտնուեցաւ ԱՄՆ-ի դեսպանատան քաղաքական հարցերով պատասխանատու Էթհան Լինչ։

Զրոյցի տեւողութեան ընդհանուր արժեւորում մը կատարուեցաւ Լիբանանի ներքին քաղաքական կեանքին շուրջ։ Կարծիքի փոխանակումներու ծիրին մէջ շեշտուեցան յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութեան տեղի ունենալը, ինչպէս նաեւ երկրի ընկերատնտեսական կեանքի բարելաւման ուղղեալ գործընթացներու կարեւորութիւնը։  

Ուրբաթ, Փետրուար 4, 2022