ՄԱՐԴԱԿԵՐ ՄԻ՛ ԸԼԼԱՐ

Մեծ պահքի հինգերորդ օրն է:

Անոնք որոնք հաւատքով ու ճշմարտութեամբ պատրաստուած էին այս ճանապարհորդութեան, վստահ օր օրի կը ջերմանան իրենց աղօթական կեանքին մէջ, քայլ առ քայլ մօտենալով Գողգոթային, ուրկէ անդին անցնելով հաղորդակից պիտի դառնան Յաւիտենական Լոյսին:

Անոնք որոնք կիսապատրաստուած էին, կամաց-կամաց դէպի կատարեալ պատրաստուածութիւն կ՚ընթանան իրենց աղօթքներով եւ բարի կամեցողութեամբ:

Իսկ անոնք որոնք թեթեւակիօրէն եւ պահք պահելու սիրոյն միայն այս ճանապարհորդութեան մէջ յայտնուած են, տեսէք, թէ Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետը ի՛նչ խստութեամբ կ՚արտայայտուի ձեր մասին, կ՚ըսէ. «Լաւ է, որ ինքզինքդ կը զրկես թռչուններու եւ անասուններու միս ուտելէ, սակայն վա՛յ անոր որ կը շարունակէ իր եղբայրներուն միսը ուտել»: Մարդ երբ այս տողերը կարդայ, անկասկած որ սարսափի կը մատնուի: Ի՞նչ կը նշանակէ «եղբայրներու միս ուտել», ինչպէ՞ս կարելի է նման բան պատահիլ:

Պատասխանը պարզ է.

ա) Ճիշդ է, որ մենք մեզ կենդանական սնունդէ կը կտրենք, բայց չենք դադրիր մեր լեզուներով մեր նմանները դանակոծելէ:

բ) Միս չենք ուտեր, բայց պատեհ եւ անպատեհ առիթի մեր նմանը կը բամբասենք:

գ) Միս չենք ուտեր, բայց առանց մեր նմանին նախանձելու մեր օրը չ՚անցնիր:

դ) Միս չենք ուտեր, բայց կը խաբենք մեր նմանը:

ե) Միս չենք ուտեր, բայց կը գողնանք մեր նմանէն:

Եւ, եւ, եւ, շարքը կարելի է երկարել: Եւ այս բոլորը կ՚ընենք պահեցողութեան ընթացքին: Սակայն, եթէ այսպէս կը վարուինք, ի՞նչ օգուտ մեր պահեցողութենէն: Աւելի լաւ պիտի ըլլար միս ուտէինք, բայց մեր նմաններէն եւ ոչ ոք վշտացնէինք, ընդհակառակը աշխատէինք անոնց ուրախութեան պատճառ ըլլալու համար:

Դարձեալ լսենք Սուրբ Ոսկեբերան Հայրապետը, որ կ՚ըսէ. «Պահք պահելուդ փաստը գործերուդ ընդմէջէն ցոյց տուր ինծի։ Բերանդ մի՛ պահեր միայն, այլ՝ պահէ աչքերդ, ականջներդ, ոտքերդ, ձեռքերդ եւ մարմինիդ բոլոր անդամները։

Ձեռքերդ պահէ՛ առնելէ, ագահութենէ եւ գէշ գործերէ։

Ոտքերդ պահէ՛ յանցանքներու եւ նեղութիւններու ետեւէ վազելէ։

Աչքերդ պահէ՛ ուրախութեամբ տեսնելէ այն ամէնը ինչ չար է։

Ականջներդ պահէ՛ չար խօսքերէ ու բամբասանքէ։

Բերանդ պահէ՛ ատելութեան խօսքերէ, քննադատելէ եւ անիրաւելէ»:

Հինգերորդ օրուան մարտահրաւէր. Սուրբ Յովհան Ոսկեբերանի թելադրութիւնը փորձենք կատարել, այսինքն՝ ո՛չ միայն մեր բերանները պահենք, այլ՝ պահե՛նք մեր աչքերը, ականջները, ոտքերը, ձեռքերը եւ մարմինին բոլոր անդամները, որպէսզի ճշմարիտ պահեցող ըլլանք եւ ո՛չ թէ՝ մարդակեր:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Ուրբաթ, Մարտ 4, 2022