ԵՐԱՇԽԻՔՆԵՐՈՒ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ եզրափակուեցաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով նստաշրջանը, որ տեղի ունեցաւ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ։ Նիստերուն ատենապետեց Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան։ ԳՀԽ մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ դարձուց Հայաստանի եւ Արցախի մէջ 44-օրեայ պատերազմին հետեւանքով ստեղծուած կացութիւնը։ Առկայ մարտահրաւէրներուն մասին զեկուցեց խորհուրդի աշխարհական անդամներէն իրաւաբան տքթ. Գէորգ Դանիէլեան, որ հանգամանօրէն ներկայացուց Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ստեղծուած կացութիւնը, անդրադարձաւ երկրին շուրջ ընթացող աշխարհաքաղաքական իրադարձութիւններուն՝ մասնաւորապէս մատնանշելով անվտանգային մարտահրաւէրները։ Արցախի հիմնախնդրին կապակցութեամբ ԳՀԽ արձանագրեց, որ Արցախի ժողովուրդի անվտանգութեան երաշխիքը Արցախի անկախութեան ճանաչումն է՝ ելակէտ ունենալով ազգերու ինքնորոշման հիմնարար սկզբունքը։ Այս առընչութեամբ կարեւորուեցան համազգային համընդհանուր ջանքերու միաւորումը, միջազգային հանրութեան ամենալայն շրջանակներու աջակցութեան ապահովումը ու մանաւանդ՝ այս ուղղութեամբ եկեղեցւոյ կողմէ աշխատանքներու առաւել ընդլայնումը։

Նստաշրջանի տեւողութեան Մայր Աթոռի լուսարարապետ Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան ժողովականներուն տեղեկութիւններ փոխանցեց Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի հիմնանորոգութեան եւ ամրակայման աշխատանքներուն վերաբերեալ։ Այսպէս, բարեյաջող ընթացքի մէջ են Մայր Տաճարի ներքին յարդարման, որմնանկարներու վերականգնման, օդափոխութեան համակարգի տեղադրման եւ արտաքին բարեկարգման աշխատանքները, որոնց աւարտը կը նախատեսուի յառաջիկայ սեպտեմբերին։ Ողջունելով կատարուած աշխատանքները՝ ԳՀԽ գոհունակութեամբ արձանագրեց, որ տեւական դադարէ յետոյ Մայր Տաճարը պիտի բանայ իր դռները յուրախութիւն եւ ի մխիթարութիւն բարեպաշտ ժողովուրդին։

Մայր Աթոռի դիւանապետ Տ. Արշակ Արք. Խաչատրեան ի շարունակութիւն զեկուցեց Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի վերաօծման, միւռոնօրհնութեան, եպիսկոպոսաց ձեռնադրութեան եւ նախատեսուած զուգահեռ ձեռնարկներու կազմակերպման վերաբերեալ։ Ան ժողովականներուն ներկայացուց, որ արարողութիւններն ու միւս ձեռնարկները յաւուր պատշաճի կազմակերպելու համար ձեւաւորուած են յանձնախումբեր, որոնք պիտի համակարգեն ծիսական, արարողակարգային, հրատարակչական, քարոզչական եւ տեղեկատուական ոլորտներու աշխատանքները։

ԳՀԽ գոհունակութեամբ ընդունեց ներկայացուած տեղեկութիւնը եւ ծրագրեց Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի վերաօծման եւ միւռոնօրհնութեան արարողութիւնները եւ յարակից նախաձեռնութիւնները կազմակերպել 30 սեպտեմբեր-3 հոկտեմբեր թուականներուն, իսկ եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնը՝ հոկտեմբերի 8-ին։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան ժողովականներուն ներկայացուց Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի վախճանման 850-րդ տարելիցին նուիրուած տօնակատարութիւններու շրջանակներէն ներս նախատեսուած հոգեւոր, կրթական, մշակութային ձեռնարկներու ծրագիր մը։ Ան նշեց, որ վաղը Հայաստանեայց Առաքելական բոլոր եկեղեցիներուն մէջ պիտի ընթերցուի Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հայրապետական սրբատառ կոնդակը՝ ձօնուած Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի վախճանման 850-րդ տարելիցին։ Նորին սրբազնութիւնը տեղեկացուց նաեւ, որ ի նշանաւորումն երանաշնորհ հայրապետի վախճանման 850-րդ տարելիցին, այս տարեվերջին, դեկտեմբերին, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին եւ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցին Վատիկանի մէջ պիտի կազմակերպեն համատեղ ձեռնարկներ։ Ան յիշեցուց, որ Ս.Ներսէս Շնորհալիի յիշատակութիւնը ընդգրկուած է նաեւ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի՝ յատուկ նշուող տօներու շարքին։

Նստաշրջանի տեւողութեան ժողովականները ծանօթացան նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի 2022 թուականի գործունէութեան տեղեկագրին։ Մասնաւոր ուշադրութիւն ցուցաբերուեցաւ անցեալ տարի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կողմէ իրականացուած ընկերային աջակցութեան եւ օժանդակութեան ծրագրերուն նկատմամբ։ Հարկ է նշել, որ այդ նախագիծերը ուղղուած էին ի նպաստ նահատակ կամ վիրաւոր զինուորներու ընտանիքներուն, պատերազմի հետեւանքով Արցախէն եւ սահմանամերձ բնակավայրերէն տեղահանուած եւ ընկերային առումով ծանր կացութեան մէջ յայտնուած հայորդիներուն։

Քառօրեայ նիստերու ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Եկեղեցւոյ կանոնական ու հովուական կեանքին, կարգապահութեան եւ իրաւական խնդիրներուն, կրթական ծրագրերուն եւ ընդհանուր առաքելութեան արդիւնաւորման վերաբերեալ նիւթեր։

Ժողովները ամփոփուեցան Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեան խօսքով։

Շաբաթ, Մարտ 4, 2023