ՏԱՍՆՕՐԵԱՅ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐ

Մեծ Պահքի 13-րդ օրն է:

Առակաց 11-րդ գլուխին 2-11 համարներուն պարունակութիւնը երբ կը կարդանք Մեծ պահոց այս օրերուն, մեր միտքին մէջ տասնօրեայ մարտահրաւէրի մը ուրուագիծը կը պատկերանայ: Միասնաբար խորհրդածենք.

ա. «Երբ հպարտութիւնը գայ, անարդարութիւնն ալ կու գայ, բայց իմաստութիւնը խոնարհներուն հետ է» (Առ 11.2). առաջին մարտահրաւէր՝ հպարտութենէ ձերբազատիլ եւ խոնարհութիւն ձեռք բե-րելն է, որպէսզի իմաստութիւնը միշտ ընկերակից ունենանք մեզի մեր ամբողջ կեանքի ընթացքին:

բ. «Ուղիղներուն ճշմարտութիւնը անոնց կ՚առաջնորդէ, բայց անօրէններուն ծռութիւնը զանոնք բնաջինջ կ՚ընէ» (Առ 11.3). երկրորդ մարտահրաւէր՝ բոլոր պարագաներուն մէջ ճշմարտութենէն պէտք է կառչիլ, որ լաւագոյն առաջնորդն է մարդուն, այլապէս՝ ճշմարտութենէն հեռանալով՝ ծռելով, մարդ դատապարտուած է բնաջինջ ըլլալու:

գ. «Բարկութեան օրը հարստութիւնը օգուտ մը չ՚ըներ, բայց արդարութիւնը մահուանէ կ՚ազատէ» (Առ 11.4). երրորդ մարտահրաւէր՝ գնայուն հարստութեան չապաւինիլ, այլ՝ փնտռել երկնային Հարստութիւնը, Որու միջոցով արդարութիւն ձեռք կը ձգենք ու մահէն կ՚ազատինք:

դ. «Կատարեալներուն արդարութիւնը անոնց ճամբան կը շտկէ, բայց անիրաւը իր անիրաւութիւնովը կ՚իյնայ» (Առ 11.5). չորրոդ մարտահրաւէր՝ կատարեալ ըլլալու մնայուն ճիգի մէջ ըլլալն է, որպէսզի կատարեալ ըլլալու մեր ձգտումով արդարանանք, ուղիղ ճանապարհէն ընթանանք դէպի Արդարութեան Արեգակը, հեռու մնալով անիրաւութենէ, որ մեզ կորուստի կը մատնէ:

ե. «Ուղիղներուն արդարութիւնը զանոնք կ՚ազատէ, բայց անօրէնները իրենց չարութեանը մէջ կը բռնուին» (Առ 11.6). հինգերորդ մարտահրաւէր՝ Ուղղափառ Հաւատքի մէջ կանգուն մնալու յարատեւ ջանասիրութիւնն է, հետեւելով Աստուածաշունչին եւ Սուրբ Եկեղեցւոյ Հայրապետներուն մեզի ժառանգ ձգած աւանդութիւններուն եւ հոգեւոր-դաստիարակչական խորհուրդներուն, թելադրութիւններուն եւ միաժամանակ՝ յանդիմանութիւններուն, հակառակ պարագային, չարութենէ կը բռնուինք եւ մենք մեզ կորուստի կը մատնենք:

զ. «Երբ չար մարդը մեռնի, անոր ակնկալութիւնը կը կորսուի եւ անօրէններուն յոյսը կ՚ոչնչանայ» (Առ 11.7). վեցերորդ մարտահրաւէր՝ մեր միտքերուն մէջ միշտ վառ պահել այն յոյսը, թէ մեր Յոյսը՝ Տէր Յիսուս, մեզ չէ՛ լքած, այլ՝ երկրորդ անգամ պիտի գայ դատելու համար բոլորը: Պանդխտութեան մեր տարիները արդարեւ պէտք է օգտագործենք՝ պատրաստ ըլլալու այդ գալուստին եւ ուրախութեամբ դիմաւորելու Տէր Յիսուսը: Միաժամանակ, պէտք է միշտ մտաբերենք, թէ չար մարդը, այլ խօսքով մեղաւոր մարդը իր մահուամբ ամէն տեսակի յոյս կը կորսնցնէ, հետեւաբար, մարդ մինչեւ իր մահանալը պէտք է ամէն ջանք ընէ, որպէսզի Տէր Յիսուսի յոյսով իր աչքերը այս աշխարհին փակէ:

է. «Արդարը նեղութենէ կ՚ազատի ու անոր տեղ ամբարիշտը կ՚երթայ» (Առ 11.8). եօթներորդ մարտահը-րաւէր՝ ամէն կերպով աշխատիլ մեր արդարութիւնը չկորսնցնել, որպէսզի նեղութեան մէջ չիյնանք:

ը. «Կեղծաւորը բերնովը իր դրացին կը կորսնցնէ, բայց արդարները գիտութեամբ կ՚ազատին» (Առ 11.9). Ութերորդ մարտահրաւէր՝ հեռու մնալու կեղծաւորութենէ եւ անոր բոլոր տեսակի փորձութիւններէն, որպէսզի ո՛չ մեր նմանին կորուստին պատճառ ըլլանք, առաւել եւս մենք մեզ դատապարտութեան չենթարկենք՝ կրելով մեր նմանին մեղքը եւս:

թ. «Արդարներուն յաջողութեանը վրայ քաղաքը կ՚ուրախանայ ու երբ չարերը կորսուին, ցնծութեան ձայն կը լսուի» (Առ 11.10). իններորդ մարտահրաւէր՝ արդարներու խումբին մէջ մնալու համար մենք մեզ ժրաջան աշխատանքի տանք, որպէսզի օրհնութեան ձայներ լսենք, եւ ո՛չ թէ մեր կորուստին պատճառով՝ ցնծութեան եւ ուրախութեան ձայներ:

ժ. «Ուղիղներուն օրհնութիւնովը քաղաքը կը բարձրանայ, բայց ամբարիշտներուն բերնովը կը կործանի» (Առ 11.11). տասներորդ մարտահրաւէր՝ մենք միայն մենք մեզի համար ապրելու համար չենք ստեղծուած, այլ՝ մեր նմաններուն: Իսկ մեր նմաններուն համար կ՚ապրինք՝ երբ կարենանք զանոնք սիրել, իսկ Տէր Յիսուսի հաստատումով՝ զանոնք «սիրելով է որ մարդիկ պիտի գիտնան, թէ դուք Իմ աշակերտներս էք» (Յհ 13.35):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

21 փետրուար 2023, Վաղարշապատ

Շաբաթ, Մարտ 4, 2023