ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱԼՐՈՒՄ

Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան դիւանը երէկ հրապարակեց պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը, ըստ որու Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան անդամները 1-2 Մայիս թուականներուն գումարեցին ընդհանուր ժողով։ Միաբանական ընդհանուր ժողովի նիստերուն նախագահեց Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեան, որու նախագահութեամբ տարուեցաւ բազմակողմանի աշխատանք։ Մասնաւորապէս համալրուեցան Սուրբ Աթոռի շարք մը խորհուրդները։

Միաբանական ընդհանուր ժողովի իններորդ նիստը տեղի ունեցաւ Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ։ Ամեն Ս. Պատրիարք Հօր աղօթքէն վերջ բացուեցաւ ժողովը, որուն մասնակցեցաւ տեղւոյն վրայ գտնուող 25 միաբանէն 24-ը։

Միաբանական ընդհանուր ժողովը աշխատանքի ձեռնարկեց առժամեայ դիւանով՝ Տ. Ասպետ Վրդ. Պալեանի ատենապետութեամբ եւ Տ. Ներսեհ Աբեղայ Ալոյեանի ատենադպրութեամբ։ Առաջին փուլին ընտրուեցաւ Միաբանական ընդհանուր ժողովի նոր դիւանը, որ պիտի պաշտօնավարէ երկու տար-ւան ժամանակաշրջանով։ Այսպէս, դիւանին մաս կազմեցին՝ Տ. Բարսեղ Վրդ. Քալեմտէրեան (Ա. ատենապետ), Տ. Թէոդորոս Վրդ. Զաքարեան (Բ. ատենապետ), Տ. Գէորգ Աբեղայ Հայրապետեան (Ա. ատենադպիր) եւ Տ. Աղան Աբեղայ Գոգչեան (Բ. ատենադպիր)։

Միաբանական ընդհանուր ժողովի աշխատանքը շարունակուեցաւ այս դիւանով։ Գաղտնի քուէարկութեամբ համալրուեցաւ նաեւ Տնօրէն ժողովի կազմը։ Այսպէս, ձայներու բացարձակ մեծամասնութեամբ Տնօրէն ժողովի անդամ ընտրուեցան՝ Տ. Համբարձում Վրդ. Քէշիշեան, Տ. Թէոդորոս Վրդ. Զաքարեան, Տ. Ղեւոնդ Վրդ. Յովհաննիսեան, Տ. Կորիւն Վրդ. Պաղտասարեան եւ Տ. Ներսեհ Աբեղայ Ալոյեան։

Աւելի վերջ Միաբանական ընդհանուր ժողովին ներկայացուեցաւ Տնօրէն ժողովի գործունէութեան տեղեկագիրը։ Միաբանները քննարկեցին նաեւ 2016-2017 շրջանի հաշուետուութիւնը եւ 2018-2019 շրջաններու նախահաշիւները։ Ընդհանուր ժողովը քննեց նաեւ Տնօրէն ժողովի, կալուածոց, տեսչութեան եւ ելեւմտից տեսչութեան տեղեկագիրներն ու հաշուետուութիւնները։ Քննարկումներէ վերջ վաւերացուեցան 2016-2017 տարիներու հաշուետուութիւնները։

Միաբանական ընդհանուր ժողովը իր աւարտին հասաւ նորին ամենապատուութեան աղօթքով եւ օրհնութեան խօսքով։ Ան այս առթիւ շնորհաւորութիւններ յղեց Միաբանական ընդհանուր ժողովի դիւանին եւ Տնօրէն ժողովի նորընտիր անդամներուն՝ մաղթելով յաջողութիւն։

Հարկ է յիշեցնել որ ներքին լարուածութիւններու բերումով Երուսաղէմի մէջ որոշ ժամանակէ մը ի վեր չէ գումարուած Միաբանական ընդհանուր ժողով։ Ըստ երեւոյթին, ներկայ ընդհանուր ժողովն ալ գումարուած է միայն Երուսաղէմի մէջ գտնուող միաբաններուն ներկայութեամբ եւ չեն մասնակցած այն միաբանները, որոնք ծառայութիւն կը մատուցեն արտասահմանի մէջ։

Ուրբաթ, Մայիս 4, 2018