ՖՐԱՆՍԱՅԷՆ ՀԻՒՐԵՐ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Ֆրանսայի Օ-տը-Ֆրանս շրջանի խորհուրդի նախագահ Զաւիէ Պերթրանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը, որ վերջին օրերուն այցելեց Երեւան, ուր հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ։

Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ յետպատերազմեան մարտահրաւէրներուն եւ առկայ դժուարին իրավիճակին։ Ան մասնաւորապէս խոր մտահոգութիւն յայտնեց Բերձորի (Լաչին) միջանցքի փակման եւ այս պատճառով ստեղծուած մարդասիրական աղէտի, ինչպէս նաեւ այնտեղ Ատրպէյճանի կողմէ հսկիչ անցակէտի տեղադրման կապակցութեամբ։ Նորին Սրբութիւնը յոյս յայտնեց, թէ միջազգային հարթութեան վրայ հետեւողականօրէն կը բարձրաձայնուի Արցախի հայութեան ազատ ու անկախ ապրելու իրաւունքի պաշտպանութեան հարցը։ 

Հինգշաբթի, Մայիս 4, 2023