ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ՔԱՀԱՆԱՅԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 30-ԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան թեւակոխած է իր քահանայական ձեռնադրութեան 30-ամեայ յոբելենական շրջանը։ Շաբաթավերջին համայնքային շրջանակները ջերմօրէն ողջունեցին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ձեռնադրութեան տարեդարձը Գնալը կղզիին մէջ, ուր ան զանազան արարողութիւններու հանդիսապետեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ երդիքին տակ։ Գնալըի բարձունքին շաբաթավերջին եկեղեցական հանդիսաւոր արարողութիւնները համախմբեցին հոծ թիւով հաւատացեալներ, որոնք շրջապատեցին նաեւ Նորին Ամենապատուութիւնը։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը կղզիին մէջ շաբաթ առաւօտ հանդիսապետեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի նշխարներու գիւտի տօնին։ Ս. Պատարագը մատոյց Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի հոգեւորականաց դասէն Տ. Արմաշ Քհնյ. Պաղտասարեան, որ այս օրերուն հիւրաբար կը գտնուի քաղաքիս մէջ։ Ներկայ էին նաեւ նոյնպէս Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի հոգեւորականաց դասէն Տ. Վազգէն Ծայրագոյն Վարդապետ Քարայեան, որ այս օրերուն հիւրաբար կը գտնուի քաղաքիս մէջ, ինչպէս նաեւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան եւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ Արարողութեան ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը տուաւ օրուան պատգամը։ Եկեղեցական արարողութիւններէն վերջ սարքուեցաւ բացօթեայ սիրոյ սեղան, որու ընթացքին Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը լանջախաչ մը նուիրեց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վարդապետ Տամատեանին։

Իսկ երէկ, Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը Գնալը կղզիին մէջ գոհաբանական Ս. Պատարագ մատոյց իր քահանայական ձեռնադրութեան 30-ամեակին առթիւ։ Հարկ է նշել, որ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետն ալ շնորհաւորեց Նորին Ամենապատուութեան յոբելեանը։ Ս. Պատարագի ընթացքին հանդիսաւորապէս ընթերցուեցաւ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին շնորհաւորականը։

Կրօնական արարողութիւններու աւարտին եկեղեցւոյ սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան, որու ընթացքին զանազան ներկաներ արտասանեցին սրտի խօսքեր։ Կղզեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ Լեւոն Շատեանն ալ շնորհաւորութիւններ յղեց Նորին Ամենապատուութեան։

Երեկոյեան ալ Կազդուրման կայանի մէջ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր ի պատիւ սարքուեցաւ ընթրիք մը, որու ընթացքին դարձեալ հնչեցին կենաց արեւշատութեան մաղթանքներ։

Երկուշաբթի, Յուլիս 4, 2022