ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ Տ. ԳՈՒՍԱՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏ ԱԼՃԱՆԵԱՆԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Զուիցերիոյ թեմի առաջնորդական տեղապահ Տ. Գուսան Վրդ. Ալճանեանը, որ այս օրերուն կ՚այցելէ քաղաքս։ Օգտուելով կեցութեան առիթէն Տ. Գուսան Վրդ. Ալճանեան փափաքած էր քաղաքավարական այցելութիւն մը տալ Պատրիարքարան։

Հանդիպման ընթացքին ստեղծուեցաւ ջերմ մթնոլորտ։ Զրոյցի տեւողութեան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հետաքրքրուեցաւ Զուիցերիոյ թեմի այժմու կացութիւնով։ Նորին Ամենապատուութիւնը յաջողութեան մաղթանքներ յղեց Տ. Գուսան Վրդ. Ալճանեանին՝ զուիցերահայոց ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս ծաւալած գործունէութեան համար։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 4, 2021