Տ.Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ

Այսօր Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ընդհանրական Հայրապետին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի գահակալութեան տարեդարձն է։ Ճիշդ 22 տարի առաջ այսօր ան բազմած էր Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի առաքելահիմն գահուն վրայ։ Ան 48 տարեկան էր, երբ կը բազմէր Հայոց Հայրապետական Լուսաւորչահաստատ Աթոռին վրայ։ 22 տարի անց, այս տարուայ գահակալութեան տարեդարձը կը զուգադիպի Նորին Սրբութեան ծննդեան 70-ամեակի յոբելենական շրջանին։

Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդի արդի տարեգրութիւններուն մէջ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան աւելի քան երկու տասնամեակներու ժամանակաշրջանը կը բիւրեղանայ ճակատագրական նշանակութեամբ։ Դարեր անց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը վերջին երեսուն տարիներուն հնարաւորութիւն ունեցած է հայոց անկախ պետականութեան պայմաններուն ներքեւ գործունէութիւն ծաւալելու։ Այս ժամանակահատուածի առիւծի բաժինը համընկնած է Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան տարիներուն եւ ան իր տեսլականով ապահոված է, որ այդ հնարաւորութիւնը առաւելագոյնս արժեւորուի՝ ի փառս եւ ի պայծառութիւն մեր Եկեղեցւոյ եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան։ Վեհափառ Հայրապետի տեսիլքով, կամքով, առողջ դատողութեամբ եւ անվհատ աշխատանքով հայոց պատմութեան հոլովոյթին մէջ վերահաստատուած է այն իրականութիւնը, թէ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին, որ գործնականօրէն աշխարհատարած ցանց մըն է, չի կրնար լիարժէք գործել եւ իր ձգողականութիւնը առաւելագոյնին հասցնել՝ առանց ամուր ու հզօր հոգեւոր կեդրոն մը ունենալու։ Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետը այդ ճանապարհին վրայ օր ու ցերեկ կ՚ընթանայ ահա 22 տարիէ ի վեր։

Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան օրը սեւ ամպեր կուտակուած էին Հայաստան աշխարհի երկինքին վրայ՝ խորհրդարանէն ներս տեղի ունեցած սահմռկեցուցիչ ահաբեկչական արարքին, ցնցիչ ոճրագործութիւններուն հետեւանքով։ Այսօր ալ Հայաստան աշխարհը կը դիմագրաւէ լուրջ մարտահրաւէրներ, որոնք նոյնիսկ անհամեմատելի են եւ որոնց նշանակութիւնը նախախնամական է աւելի քան երբեք։ Այդ մարտահրաւէրներու դիմագրաւման ճանապարհին, ինչպէս հայոց պատմութեան բոլոր փուլերուն, այսօր ալ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը գլխաւոր կռուաններէն մին է՝ հայոց արժեհամակարգին, ժառանգութեան ու հաւաքական դիմագիծին հաւատարիմ մնալով պայքար յառաջ տանելու եւ հայոց երկնակամարին տակ խաղաղութիւն ու անդորրութիւն հաստատելու, արդարութիւնն ու իրաւունքները երաշխաւորելու տեսակէտէ։ Այսօր, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը սոսկ այդ պայքարը խրախուսող մը կամ օրհնող մը չէ, այլ՝ այդ պայքարի, այդ դատի առանցքային կերպարը, որ բոլոր հարթութիւններու վրայ հանդէս կու գայ՝ որպէս քաջ հովիւ։

Որդիական ամենախորին ակնածանքով, ի սրտէ կը շնորհաւորենք Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան տարեդարձը՝ մաղթելով առողջութիւն, ծաղկուն գաւազան եւ լուսաւորչահաստատ Սուրբ Գահուն վրայ բազում տարիներ։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 4, 2021