ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱՑ ՀԱՄԱՐ ՆՈՐ ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան աղբիւրները հաղորդեցին, թէ «Ռիչըրտ եւ Թինա Քարոլան» հրատարակչական հիմնադրամի դատակազմը յայտնած է, թէ բացուած է 2022 թուականի համար նոր ծրագրեր ներկայացնելու շրջանը։

Այս հիմնադրամը կ՚ընդունի սփիւռքահայ երիտասարդ հեղինակներու կողմէ գրական կամ ուսումնասիրական որեւէ նիւթ անտիպ կամ գիրքի ձեւաչափով ցարդ չհրատարակուած գործ։ Դատակազմը այս բոլորը գնահատման կ՚ենթարկէ՝ ըստ այդմ հրատարակութիւնը տնօրինելու համար։

Գրական, պատմական, բանասիրական, եկեղեցագիտական ու հայ մշակոյթի այլ կալուածներուն շուրջ հայերէնով կամ օտար լեզուներով գրուած գործերը պէտք է դատակազմին ներկայացուին՝ մինչեւ 30 յունիս 2022 թուականը։ Առաքուած գործերը պէտք է ըլլան մեքենագրուած, երեք օրինակով, խտասալիկի վրայ արձանագրուած։ Անոնք պէտք է ներկայացուին A4 թուղթի ձեւաչափով եւ բաղկանան առնուազն 9 պրակէ (144 էջ)։ Դատակազմին կողմէ արժանի համարուած գործերը կ՚ուղարկուին հրատարակութեան։

Այս հրատարակչական հիմնադրամի գլուխը կը գտնուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը։ Դատակազմի անդամներն են՝ տքթ. Զաւէն Մսըրլեան (ատենապետ), տքթ. Արմէն Իւռնէշլեան, Համբիկ Պիլալեան, Յարութիւն Իսկահատեան, Յակոբ Լատոյեան եւ Իրմա Տէտէեան։ 

Շաբաթ, Փետրուար 5, 2022