ԱՍՏՈՒԾՄՈՎ ՅԱՂԹԱԿԱՆ

Մեծ պահքի 6-րդ օրն է:

Նախորդող գրութիւներուն մէջ յաճախակի կերպով օգտագործած ենք հետեւեալ արտայայտութիւնը, թէ՝ «Մեծ Պահքը ճանապարհորդութիւն մըն է»: Սակայն, ճանապարհորդութիւն ըսելով ի՞նչ կը հասկնանք, պարզ, սովորական ճանապարհորդութի՞ւն մը, այլ խօսքով՝ ֆիզիքակա՞ն ճանապարհորդութիւն մը, թէ՞ այս բոլորէն վեր եւ անդին այլ տեսակի ճանապարհորդութիւն մը:

Բնականաբար Մեծ պահքի այս ընթացքը չի՛ կրնար պարզ, սովորական կամ ֆիզիքական ճանապարհորդութիւն մը ըլլալ սոսկ, այլ՝ խորքին մէջ պահեցողութեան այս ընթացքը առաւել եւս հոգեւոր ճանապարհորդութիւն մըն է, որու ընթացքին մարդու հոգին զանազան փուլերէ պէտք է անցնի, ստուգելու, գիտակցելու համար, թէ արդեօք ինք ուղի՛ղ ճանապարհի վրայ է, թէ շեղում արձանագրած է:

Այստեղ «ուղիղ ճանապարհ» երբ կ՚ըսենք նկատի չունինք այս ընթացքի ճանապարհորդութիւնը, այլ՝ ընդհանուր մեր կեանքի ճանապարհին մասին է, որ անդրադարձ կը կատարենք: Բոլորս ալ մկրտութեամբ՝ Աստուծոյ որդիներ կը դառնանք: Որդի ըլլալէ ետք սակայն, այնքան ատեն որ այս աշխարհին մէջ ենք, երկու ճանապարհներ կան մեր դիմաց, մէկը՝ ճշմարտութեան, որ դէպի յաւիտենականութիւն կը տանի, միւսը՝ կեղծիքի, որ յաւիտենական կորուստի կը տանի: Մեզի կը մնայ ընտրել, թէ ո՛ր ճանապարհէն պիտի ընթանանք:

Պահեցողութեան այս ընթացքը հետեւաբար վերանայում մը, վերատեսութիւն մըն է պարզապէս մեր այդ ընդհանուր ընթացքին, այլ խօսքով՝ թարմանալու, թեթեւնալու եւ նոր ուժերով շարունակելու ընդհանուր ճանապարհորդութիւնը: Այս անշուշտ կը վերաբերի անոնց, որոնք ուղիղ ճանապարհին վրայ են:

Իսկ անոնք որոնք շեղած են ուղիղ ճանապարհէն, պէտք չէ բնաւ յուսահատին, մա՛նաւանդ երբ կը գիտակցին իրենց ներկայ իրավիճակին, ընդհակառակը պիտի ապաւինին Աստուծոյ ողորմութեան: Լսեցէ՛ք, թէ Պօղոս առաքեալ ինչ կ՚ըսէ. «Եթէ Աստուած մեր կողմն է, ո՞վ կրնայ մեզի հակառակ ըլլալ» (Հռ 8.31): Եթէ մեր ճանապարհորդութեան ընդհանուր եւ մանաւանդ Մեծ պահքի այս օրերուն անդրադառնանք, որ շեղում արձանագրած ենք, Պօղոս առաքեալին խօսքերը այնքա՛ն մխիթարական են: Գիտակցեցա՞նք մեր սխալին, հասկցա՞նք որ չարին գործակից դարձած ենք կամայ թէ ակամայ, դիմե՛նք Աստուծոյ եւ խնդրենք Անոր օգնականութիւնը: Խնդրելէ ետք կառչինք Անոր ու Անով սպառազինուինք, որպէսզի կարենանք դէմ դնել ամէն տեսակի փորձութիւններուն, վստահ ըլլալով որ մեր փոխարէն Աստուած Ի՛նք պիտի պատերազմի, որովհետեւ մենք զԻնք ընտրած ենք որպէս մեր կեանքի Տէր եւ Աստուած, Որուն միջոցաւ պիտի յաղթահարենք ամէն դժուարութիւն:

Վեցերորդ օրուան մարտահրաւէր. Աշխատինք որոշում կայացնել ճիշդ ուղղութիւնը ընտրելու, որովհետեւ այդ որոշումին կայացումով է, որ պիտի որոշուի մեր յաւիտենական կարգավիճակը:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Շաբաթ, Մարտ 5, 2022