ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ ՆՈՐԱՕԾ ՀԱՅՐ ՍՈՒՐԲԻՆ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց նորաօծ Տ. Աթանաս Աբեղայ Սարգսեանը՝ ուղեկցութեամբ Արցախի թեմի առաջնորդ Տ. Վրթանէս Եպսկ. Աբրահամեանի։ Նորաօծ հայր սուրբը վերջերս քահանայակոչման արժանացած էր Գանձասարի վանքէն ներս եւ քառասնօրեայ պահեցողութեան շրջանը անցուցած՝ Դադիվանքի մէջ։

Վեհափառ Հայրապետը Տ. Աթանաս Աբեղայ Սարգսեանին տուաւ իր օրհնութիւնները եւ շնորհաւորեց ձեռնադրութեան եւ անդրանիկ Ս. Պատարագի մատուցման առթիւ։ Նորին Սրբութիւնը բարձր գնահատանքով արտայայտուեցաւ այն բարձրաստիճան եկեղեցականներու մասին, որոնք բարձր պատասխանատուութիւն դրսեւորելով Դադիվանքէ ներս դժուարին պայմաններու ներքեւ նուիրեալ ծառայութիւն կը մատուցեն։

Վեհափառ Հայրապետը Արցախի թեմակալ առաջնորդին հետ անդրադարձաւ Դադիվանքէ ներս բնակող եկեղեցականներու ծառայութեան պայմաններուն, վանքի հոգեւոր առաքելութեան, ուխտաւորներու այցելութիւններուն առջեւ ծառացած խոչընդոտներուն եւ այս ուղղութեամբ ձեռնարկուած քայլերուն։ Նորին Սրբութիւնը վստահութիւն յայտնեց, որ յառաջիկայ շրջանին առկայ դժուարութիւնները պիտի յաղթահարուին։

Հուսկ, Վեհափառ Հայրապետը «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց նորաօծ հայր սուրբը՝ մաղթելով ամուր հաւատ եւ բեղուն հոգեւոր սպասաւորութիւն ի փառս Աստուծոյ եւ ի պայծառութիւն Հայ Եկեղեցւոյ։

Երկուշաբթի, Յուլիս 5, 2021