ՊԸՐՊԵՆՔԻ ՄԷՋ ԿԱՆԱՆՑ ՀԱՒԱՔ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս վերջերս տեղի ունեցաւ կանանց մեծ հաւաք մը։ Այսպէս, Պըրպենքի առաջնորդարանի համալիրէն ներս, Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան նախագահեց թեմի կանաց միութեան 69-րդ համագումարին։ Նիստին ատենապետեց Կլատիս Սարոյեան, որ կը գլխաւորէ թեմի կանանց միութեան կեդրոնական խորհուրդը։ Օրակարգի նիւթերուն վերաբերեալ ներկայացուեցան զանազան զեկուցումներ։ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանն ալ բարձր գնահատանքով արտայայտուեցաւ թեմէն ներս տիկնանց միութեան կողմէ ծաւալւած գործունէութեան շուրջ։

Ընդհանուր ժողովի աւարտին առաջնորդանիստ մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն եւ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ՝ թեմի տիկնանց միութեան ննջեցեալ բոլոր անդամուհիներուն հոգւոցն ի հանգիստ։

Երեքշաբթի, Յուլիս 5, 2022