ՊԱՐՍԵԼՈՆԱՅԻ ՄԷՋ ՀԱՅԱԾԷՍ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ

Շաբաթավերջին Պարսելոնայի մէջ, Փետրալպեսի Ս. Մարիամ Աստուածածին կաթոլիկ եկեղեցւոյ մէջ հայածէս Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ՝ ձեռամբ Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի։ Ներկայ էր նաեւ Ռումանիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Տաթեւ Եպսկ. Յակոբեան։ Արարողութեան մասնակցեցաւ Մատրիտի մօտ Հայաստանի դեսպան Վլատիմիր Կարմիրշալեան։ Սպանիոյ հայ համայնքը սկսած է վերջին տարիներուն կազմաւորուիլ, առայժմ չունի մշտական կառոյցներ՝ մանաւանդ եկեղեցի մը։ Հետեւաբար, նման առիթները թէ՛ մեծ խանդավառութեան ծնունդ կու տան եւ թէ համախմբման հնարաւորութիւն կ՚ընձեռեն։ Շաբաթավերջի Ս. Պատարագի ընթացքին ալ եղաւ նոյնը։

Պատարագիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան քարոզին մէջ հաւատացեալներուն բացատրութիւն տուաւ Ս. Խաչի խորհուրդին շուրջ, քանի արարողութիւնը կը զուգադիպէր համապատասխան տօնի շրջանին։ Ան բացատրեց, որ խաչը սիրոյ, նուիրումի, զոհաբերութեան եւ յաղթանակի խորհրդանշան է։ Նորին Սրբազնութիւնը այնուհետեւ յիշեցուց, որ մեզմէ իւրաքանչիւրին առաքելութիւն կը վիճակի՝ մասնաւորապէս օտարութեան մէջ ինքնութիւն պահելու տեսակէտէ։ Այդ առաքելութիւնը կրնայ կեանքի կոչուիլ միայն այն ժամանակ, երբ անոր ընկալումը խաչի խորհուրդին միջոցաւ ըլլայ։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, սրբապատկերներու օծում տեղի ունեցաւ երկու սրբազաններու ձեռամբ։ Այնուհետեւ անոնք ուղղուեցան դէպի Ս. Պատարագի մատուցուած եկեղեցւոյ բակը, ուր խաչքար մը զետեղուած է՝ ի յիշատակ Հայոց սուրբ նահատակներուն։ Սրբազան հայրերը կատարեցին խաչքարի օրհնութեան կարգ։

Սրբապատկերներուն եւ խաչքարին բարերարն է Պարսելոնայի մէջ բնակութիւն հաստատած Մայիլեան ընտանիքը, որու անդամներէն Արամ Մայիլեան արժանացաւ սրբազան հայրերու օրհնութեան։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 5, 2021