ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՀՌՈՄ ԿԸ ԺԱՄԱՆԷ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այսօր կը ժամանէ Հռոմ։ Ինչպէս հաղորդած էինք, Վեհափառ Հայրապետը յառաջիկայ օրերուն մասնակցութիւն կը բերէ Ս. Էճիտիօ միջազգային համայնքի տարեկան աւանդական խաղաղութեան աղօթքին եւ անոր յարակից կազմակերպուած հաւաքին։ Վատիկանի մէջ նախատեսուած են նաեւ Նորին Սրբութեան շարք մը առանձին հանդիպումները քոյր եկեղեցիներու պետերուն հետ՝ ներառեալ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապը։

Նոյն խաղաղութեան աղօթքին մասնակցելու համար այսօր յետմիջօրէին Հռոմ կ՚ուղեւորուի նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 5, 2021