ԱՆՅԵՏԱՁԳԵԼԻ ՅՈՐԴՈՐՆԵՐ

Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ եզրափակուեցաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով նստաշրջանը։ Ներկայ շաբթուան սկիզբէն ի վեր կը շարունակուէին ԳՀԽ-ի ժողովները՝ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի բարձր նախագահութեամբ։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի տեղեկատուութեան համակարգը երէկ հաղորդեց, որ ԳՀԽ-ի ընդլայնուած կազմով նստաշրջանին ժամանակ անդրադարձ կատարուած է Հայաստանի եւ Արցախի շուրջ ստեղծուած ծանր իրավիճակին։ Քննարկումներէն վերջ ԳՀԽ հանդէս եկած է յայտարարութիւնով մը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։

*

Խոր մտահոգութիւն կ՚արտայայտենք Հայաստանի եւ Արցախի դէմ Ատրպէյճանի շարունակուող բռնութեան՝ մասնաւորաբար 2020 թուականի 44-օրեայ եւ 2022 թուականի սեպտեմբերի 13-ին սանձազերծուած պատերազմին հետեւանքով Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններուն սպառնացող լրջագոյն մարտահրաւէրներուն, հայկական երկու պետութիւններուն շուրջ ծաւալուող աշխարհաքաղաքական ու տարածաշրջանային անբարենպաստ իրադարձութիւններուն առընչութեամբ։

Մեծապէս անհանգստացած ենք մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս հոգեւոր-բարոյական արժէքներու աղճատման, ինքնութեան ճգնաժամի, հասարակական ներքին բեւեռուածութեան, ապագայի հանդէպ անորոշութեան ու տագնապալի զգացումներու ահագնացման, արտագաղթի տրամադրութիւններու աճի դրսեւորումներով, որոնք իրենց քայքայիչ ներգործութեամբ կը դժուարացնեն առկայ գոյաբանական մարտահրաւէրներուն յաղթահարումը։

Մեր աղօթքը կը մատուցենք առ Աստուած ու քաջալերանքը կը յղենք հայոց բանակի քաջարի զինուորներուն եւ սահմանամերձ բնակավայրերու հերոսական ժողովուրդին, որոնք բացառիկ նուիրումով ու անձնազոհութեամբ կը դիմագրաւեն թշնամական ոտնձգութիւններն ու յարձակումները։

Ամբողջական զօրակցութիւն կը բերենք Արցախի մեր ժողովուրդին՝ իր ինքնորոշման իրաւունքի պահանջատիրութեան մէջ, որ արտայայտուած է Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի օրեր առաջ կատարած յայտարարութեան մէջ եւ կը վերահաստատուի, որ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը անսակարկելի է։

Կ՚ողջունենք միջազգային հանրութեան եւ բարեկամ երկիրներու ջանքերը՝ ուղղուած տարածաշրջանէն ներս կայունութեան ու խաղաղութեան հաստատման եւ բանակցութիւններու միջոցաւ առկայ հակամարտութեան խաղաղ հանգուցալուծման։ Խաղաղ կարգաւորման գործընթացի շրջանակներէն ներս առաջնահերթ պէտք է նկատուի ռազմագերիներու եւ քաղաքացիական պատանդներու ազատ արձակումն ու զոհուածներու մարմիններու վերադարձը։

Երախտագիտութեամբ կը կարեւորենք խաղաղապահ ուժերու առաքելութիւնը Արցախի մէջ՝ մեր ժողովուրդի անվտանգութեան ապահովման գործին մէջ։

Կոչ կ՚ուղղենք Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն՝ ամենայն ջանք ի գործ դնել ազգային մեր կեանքէն ներս բաժանարար գիծերը վերացնելու, քաղաքական համոզումներով պայմանաւորուած խտրական մօտեցումները դադրեցնելու, ատելութեան եւ թշնամանքի մթնոլորտը յաղթահարելու, ազգային բոլոր շրջանակներու ներգրաւմամբ բովանդակային առողջ երկխօսութիւն նախաձեռնելու ուղղութեամբ, որպէսզի կարելի ըլլայ համազգային համախմբմամբ ապահովել Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան անվտանգութիւնը, վերականգնել տարածքային ամբողջականութիւնը, կանխել մարդկային ու տարածքային հաւանական նոր ցաւալի կորուստները եւ միջազգային հարթակներու վրայ հետեւողականօրէն պաշտպանել Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը։

Այս մարտահրաւէրներու յաղթահարումը կենսական է ու գոյաբանական եւ կը պահանջէ անմնացորդ զոհողութիւն իշխանութիւններէն, Եկեղեցիէն, ազգային կառոյցներէն եւ համայն մեր ժողովուրդէն։ Հայրենիքը ազգի յարատեւութեան երաշխիքն է, ուստի երկիրը ծայր աստիճան ճգնաժամային իրավիճակէն դուրս բերելու համար պէտք է բացառել ամէն հատուածական ձգտում եւ շահ։

Կը յորդորենք հայրենաբնակ եւ աշխարհասփիւռ ամբողջ հայութեան համախմբուիլ ի պաշտպանութիւն Հայաստանի ինքնիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան եւ Արցախի ինքնիշխանութեան իրաւունքի։

Պատմութեան ընթացքին բազմիցս բախուած ենք առաւել դժուարին իրավիճակներու, սակայն Աստուծոյ կամքով մեր ժողովուրդը ի գին բազում զոհողութիւններու, իր ազգային բարձր գիտակցութեամբ ու անսասան հաւատով, միասնականութեամբ եւ աշխատասիրութեամբ կարողացած է յաղթահարել ամէն դժուարութիւն եւ կերտել իր նոր կեանքը։ Աստուծոյ ողորմութեամբ մեր ժողովուրդը այս փորձութիւնը եւս արժանապատուօրէն պիտի յաղթահարէ։

Կ՚աղօթենք պատերազմի հետեւանքով նահատակուած, վիրաւորուած, գերեվարուած, անյայտ կորսուած հայորդիներու եւ բռնի տեղահանուած ընտանիքներու համար՝ Ամենախնամ Տիրոջ զօրակցութիւնն ու մխիթարութիւնը հայցելով վշտացեալ ու տագնապահար բոլոր հոգիներուն եւ մեր ամբողջ ժողովուրդին։

Թող Ամենողորմ Աստուած խաղաղութիւն պարգեւէ համայն աշխարհին եւ համերաշխութեան մէջ պահէ ազգերն ու ժողովուրդները՝ իր սիրոյ ու հաշտութեան շնորհը հեղելով մարդկային սրտերուն եւ հոգիներուն մէջ։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 5, 2022