ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԱՍՏՈՒԱԾԱՄՈՒԽ Ս. ԳԵՂԱՐԴՈՎ ՕՐՀՆԵՑ ՀԱՒԱՏԱՑԵԱԼՆԵՐԸ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին շաբաթավերջին յիշատակեց հայոց առաջին լուսաւորիչները՝ Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս առաքեալները։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հանդիսապետութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցան մեծահանդէս արարողութիւններ։ Օրուան տօնին առթիւ Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եւ Ս. Վարդան մատուռ-մկրտարանին մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի թանգարաններու եւ արխիւի տնօրէն Տ. Ասողիկ Աբեղայ Կարապետեանի կողմէ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագը։ Ներկայ էին բազմաթիւ եպիսկոպոսներ, միաբաններ, ներքին թեմերէն առաջնորդներ եւ հոծ թիւով ուխտաւորներ։

Արարողութեան ընթացքին Վեհափառ Հայրապետին ձեռամբ, եկեղեցական թափօրի առաջնորդութեամբ վերաբերուեցաւ Աստուածամուխ Ս. Գեղարդը, որ ի նշանաւորումն օրուան տօնին հաւատացեալներու պաշտամունքին բացուած էր։

2014 թուականին Վեհափառ Հայրապետի սրբատառ կոնդակով Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս առաքեալներու տօնը հռչակուած է Աստուածամուխ Ս. Գեղարդի ուխտի օր։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 5, 2022