ՊԱՏԱՆԻՆԵՐՈՒ ՏՕՆԸ

Դէպի Աւստրալիա հովուապետական այցելութեան ծիրէն ներս, երէկ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այցելեց Համազգայինի «Արշակ եւ Սոֆի Քոլստըն» ճեմարանը։ Վեհափառ Հայրապետին հետ էին Աւստրալիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Հայկազուն Արք. Նաճարեան եւ իր շքախումբի միւս անդամները։ Դպրոցի առջեւ Վեհափառ Հայրապետը դիմաւորուեցաւ աղ ու հացով՝ տնօրէն Էտի Տեմիրճեանի, ուսուցչական կազմին եւ սաներուն կողմէ։ Հարկ է նշել, որ աշակերտութեան թիւը կը հասնի 350-ի սահմանին։ Դպրոցէն ներս Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի այցելութեան առթիւ աշակերտները գործադրեցին յայտագիր մը, որու աւարտին ան բոլորին փոխանցեց իր պատգամը։

Այցելութեան առիթով Նորին Սրբութիւնը բոլոր աշակերտներուն ընծայեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն տարուած խաչեր։ Ի յիշատակ այցելութեան Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը դպրոցին ալ նուիրեց Սրբոց Նահատակաց մանրապատկեր։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 6, 2019