ԻՆՆ ՆՈՐ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐ

Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց վարժարանի նոր սաները օրեր առաջ հասան Սուրբ Երկիր։ Այս տարի Ժառանգաւորաց վարժարան արձանագրուած են ինն նոր սաներ, որոնց բոլորն ալ Հայաստանէն են։ Ինչպէս միշտ, աշակերտներուն Հայաստանէն դէպի Հայ Երուսաղէմ ուղեկցեցաւ Գարիկ Շահգալդեան։

Սրբոց Յակոբեանց հայոց վանքէն ներս նոր սաները դիմաւորուեցան Ժառանգաւորաց վարժարանի եւ ընծայարանի տեսուչ Տ. Գէորգ Վրդ. Հայրապետեանի կողմէ։ Նոր աշակերտները Պատրիարքարանի մէջ ընդունուեցան նաեւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեանի կողմէ, որ անոնց տուաւ իր օրհնութիւնը եւ յղեց յաջողութեան մաղթանքներ։

Չորեքշաբթի, Մարտ 6, 2024