ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԸ ԱՂԷՏԻ ԳՕՏԻ ԱՅՑԵԼԵՑ

Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար փրոֆ. տքթ. Ժերրի Փիլլէյ եւ Միջազգային ու միջեկեղեցական օժանդակութեան կազմակերպութեան՝ «ACT Alliance»ի ընդհանուր քարտուղար Ռուտելմար Պուէնօ տէ Ֆարիա երէկ Մերսինի վրայով Իսքենտէրուն մեկնեցան, ուր հանդիպում մը ունեցան Հայ Առաքելական, Արաբ Ուղղափառ եւ Լատին Կաթոլիկ հոգեւոր կեդրոններու պատասխանատուներուն հետ։ Հիւրերուն կ՚ընկերանար Լաքի Վինկաս։

Այսպէս, հիւրերը այցելեցին քաղաքի արաբ ուղղափառ համայնքի Ս. Գէորգ եկեղեցին, ուր հանդիպում մը ունեցան եկեղեցւոյ հոգեւորին ու աշխարհական վարիչներուն հետ։ Սոյն հանդիպման ներկայ գտնուեցաւ Անտիոքի եկեղեցեաց հոգեւոր հովիւ եւ գաւառի հայ համայնքներու տեսուչ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան եւ Իսքենտէրունի Ծխական խորհուրդի ատենապետ Եուսուֆ Թապաշեան։ Հանդիպման մասնակիցները տեղեկութիւններ փոխանցեցին ահաւոր երկրաշարժի պատճառած վնասներուն մասին եւ ներկայացուցին աւերուած աղօթատեղիներու վերականգնման ուղղեալ ծրագիրները։

Աւելի վերջ հիւրերը այցելեցին հայոց Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցին ու տեղւոյն վրայ քննարկեցին երկրաշարժին հետեւանքները։ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան տեղեկութիւններ տուաւ նաեւ Վաքըֆլըգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ եւ գիւղի ժողովուրդի դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին։

Հիւրերը այցելեցին նաեւ Լատին Կաթոլիկ եկեղեցւոյ առաջնորդ Մոնս. Փաուլօ Պիզեթթիի եւ իր հետ տեսակցութենէն յետոյ հրաժեշտ առին։

Հիւրերը այս առաւօտ Անտիոքի վրայով վերադարձան Իսթանպուլ։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 6, 2023