ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԵՂԵՌՆԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆ

Արցախի երկրորդ պատերազմէն վերջ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներէն ներս հայկական սրբավայրերու, մշակոյթի կոթողներու եւ ճարտարապետական ժառանգութեան դէմ ոտնձգութիւնները, խորհրդանշական կոթողներու թիրախաւորումները կը շարունակուին։ Վերջին օրերուն լայն արձագանգ գտած է Շուշիի Ս. Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ պարագային ձեռնարկուած շինարարութիւնը՝ վերանորոգութեան պատրուակով սրբավայրի դիմագծի աղաւաղումը։

Այս բոլորի լոյսին տակ երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգին կողմէ հրապարակուած այս յայտարարութիւնը։

*

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը ցաւով կ՚արձանագրէ, որ Արցախի երկրորդ պատերազմի ընթացքին եւ յետպատերազմեան շրջանին չեն դադրած հայոց հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութեան դէմ Ատրպէյճանի կողմէ բարբարոսական գործողութիւնները։

Այսօր, յարաբերական խաղաղութեան պայմաններուն ներքեւ, կը շարունակուին թիրախաւորուիլ հայոց սրբավայրերը՝ նպատակ հետապնդելով վերացնել Արցախի պատմական մեր հողի վրայ հայկական ինքնութեան հետքերն ու վկայութիւնները։ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներէն ներս արդէն իսկ ոչնչացուած են սրբավայրեր, պղծուած վանքեր ու եկեղեցիներ եւ վերացուած անոնց պատմական պատկանելիութիւնը հաստատող արձանագրութիւններ, անարգուած խաչքարեր եւ նախնեաց շիրիմներ։ Պատմութեան խեղաթիւրման եւ կեղծման ճանապարհով փորձեր կը կատարուին իւրացնել այդ տարածքներու շուրջ 150 հայկական սրբատեղիները եւ  աշխարհին ներկայացնել իբրեւ ուտիներու կրօնական ժառանգութիւն։ Օրեր առաջ յայտնի դարձաւ նաեւ վերանորոգութեան պատճառաբանութեամբ Արցախի թեմի առաջնորդանիստի՝ Շուշիի Ղազանչեցոց Ս. Ամենափրկիչ եկեղեցիի հոգեւոր խորհրդանշանները վերացնելու եւ գմբէթի վեղարը վար բերելու փաստը։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը կը դատապարտէ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ իրականացուող մշակութային եղեռնագործութիւնը, ինչ որ անսքօղ արտայայտութիւն է հայատեացութեան, անհանդուրժողականութեան ու թշնամանքի։

Հակառակ հնչած յայտարարութիւններու եւ արդարացումներու, որդեգրուած այս քաղաքականութիւնը չի կրնար որեւէ ձեւով  նպաստել տարածքաշրջանէ ներս կայունութեան եւ տեւական խաղաղութեան վերահաստատման։

Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին պիտի շարունակէ այս խնդիրները բարձրաձայնել միջազգային հանրութեան եւ պատկան կառոյցներու առջեւ՝ կասեցնելու համար այս երեւոյթները, որոնք հայ ժողովուրդի իրաւունքները կ՚ոտնահարեն։

Հինգշաբթի, Մայիս 6, 2021