ԿԱՐՃԱՏԵՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը կարճատեւ այցելութեամբ մեկնած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Տեղեկատուութեան համակարգը հաղորդեց, որ Վեհափառ Հայրապետի ուղեւորութիւնը սկսած է երէկ։ Հայրապետական կարճատեւ այցելութեան ծրագրին շուրջ այլ որեւէ մանրամասնութիւն չէ հաղորդուած։

Ուրբաթ, Մայիս 6, 2022