«ՄԱՐԴՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐ ԵՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ»

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց «Ճշմարտութեան եւ արդարութեան կեդրոն»ի կողմէ կազմակերպուած՝ «Մարդու իրաւունքներ եւ պատասխանատուութիւն. պատերազմի հետեւանքները» համաժողովի մասնակիցները։ Սա իր տեսակին մէջ առաջին՝ միջազգային բնոյթով համաժողովն է։ Նախաձեռնարկ կեդրոնի նախագահը՝ Գոռ Մնացականեան հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետին տեղեկացուց, որ Հայաստան ժամանած են իրաւաբաններ ու միջազգային իրաւունքի յառաջատար փորձագէտներ՝ աշխարհի 16 երկիրներէն։ Անոնք համաժողովի օրերուն խոշորացոյցի տակ կ՚առնեն Արցախի հայութեան, ռազմագերիներու, տեղահանեալներու իրաւունքներու ոտնահարման եւ միջազգային արդարադատութեան վերաբերեալ խնդիրներ։

Նորին Սրբութիւնը գնահատեց համաժողովի կազմակերպիչներն ու մասնակիցները։ Ըստ իրեն, սա կարեւոր նախաձեռնութիւն մըն է, որ կրնայ նպաստել յետպատերազմեան դժուարութիւններու յաղթահարման։  

ռատօնի կազմակերպման մասնակիցներու շարքին է «Լոյս» արբանեակային հեռուստակայանը։ լեան։  Ահմէտ Միսպահ Տեմիրճանի։ թեւ Կարեան եւ ըն

Երկուշաբթի, Յունիս 6, 2022