ԶՄՄԱՌԷՆ ԼՌՈՒԹԻՒՆ

Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Ս. Սինոդի նստաշրջանը կը շարունակուի Զմմառի վանքէն ներս, Լիբանան։ Նոր կաթողիկոս-պատրիարքի ընտրութեան օրակարգով համախմբուած են Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսները։ Անցեալ շաբթուայ ողջ տեւողութեան Ս. Սինոդի աշխատանքները շարունակուեցան, սակայն ընտրութիւնը տեղի չունեցաւ։ Թէեւ յառաջատար կարգ մը թեկնածուներու անունները կը նշուին, սակայն առայժմ անոնցմէ ոեւէ մէկը չէ կրցած անհրաժեշտ զօրակցութիւնը ունենալ։ Կաթողիկոս-պատրիարք ընտրուելու համար անհրաժեշտ է ութ քուէ։ Ըստ անպաշտօն լսումներու, Հայաստանի վիճակաւոր Ռաֆայէլ Մինասեան Գերապայծառը յաջողած է եօթ ձայներու մակարդակին հասնիլ, սա թէեւ լուրջ ոստում մըն է, սակայն, անբաւարար ընտրուելու համար։

Ս. Սինոդի աշխատանքները, ըստ ընկալեալ սովորութեան, որոշ դադար մը առին շաբաթավերջին, երբ վախճանման քառասնից լրման առթիւ ոգեկոչուեցաւ նաեւ հանգուցեալ կաթողիկոս-պատրիարքը՝ Գրիգոր Պետրոս Ի. Կապրոյեան։

Ս. Սինոդի ժողովներուն կը նախագահէ Պատրիարքութեան կառավարիչ Պետրոս Միրիաթեան Գերապայծառը, որ միեւնոյն ժամանակ Բերիոյ թեմի վիճակաւորն է, Հալէպ, Սուրիա, եւ ինքն ալ թեկնածուներէն մին է։ Ըստ Պէյրութէն մեր ստացած տեղեկութիւններուն, Ս. Սինոդի այս առաւօտեան նստաշրջանն ալ արդէն եզրափակուած է ապարդիւն։ Այժմ կը սպասուի յետմիջօրէի նիստին։ Մէկ կողմէ հաւանական է, որ ամէն պահ արդէն ընտրուի նոր պատրիարքը, իսկ միւս կողմէ, եթէ այսօր ալ վերջնական արդիւնքի մը յանգիլ կարելի չըլլայ, ապա օրացոյցը պիտի բանի ուրիշ ուղղութիւններով։ Արդարեւ, Ս. Սինոդի ժամանակացոյցին տեսակէտէ այս օրը բեկումնային է։ Եթէ այսօր նոր պատրիարքի ընտրութիւնը հնարաւոր չդառնայ, ապա կառավարիչ Միրիաթեան Գերապայծառը կապ պիտի հաստատէ Լիբանանի պապական նուիրակին հետ։ Այս վերջինը վաղը կրնայ մասնակցիլ Ս. Սինոդի ժողովին ու կրնայ փորձել, որ իր ներկայութեամբ ապահովէ նոր պատրիարքի ընտրութիւնը։ Իսկ եթէ այդ պարագային ալ վերջնական արդիւնքի մը հասնիլ կարելի չըլլայ, ապա, ըստ ընթացակարգի, կացութենէն տեղեակ պէտք է պահուի Վատիկանի Ս. Աթոռը։ Այդ պարագային, հայ կաթողիկէ կղերի ներկայացուցիչները պէտք է Հռոմ հրաւիրուին, որպէսզի Սրբազան Քահանայապետի հովանաւորութեան ներքեւ հարթուի խնդիրը։ Բայց եւ այնպէս, այժմու իրադրութիւնը ունի առանձնայատկութիւն մը։ Արդարեւ, Ֆրանսիսկոս Ա. Սրբազան Պապը ենթարկուած է վիրահատութեան ու ներկայիս ապաքինման շրջան մը կը բոլորէ։ Այս հանգամանքը կրնայ արգելք հանդիսանալ հայ կաթողիկէ կղերի Վատիկանի մէջ ժողովի մը հրաւիրուելուն։ Եթէ ներկայ յուլիս ամիսը այս անորոշութեան մէջ ընթանայ, ապա արդէն օգոստոսն ալ ընդունուած է որպէս արձակուրդի շրջան։ Ընտրութեան գործընթացը այդ պարագային կրնայ գործնականօրէն վերսկսիլ սեպտեմբերին։ Վատիկանի Արեւելեան եկեղեցիներու քահանայապետական խորհուրդի նախագահ Կարտինալ Սանտրի այդ պարագային կրնայ նախաձեռնութիւնով մը հանդէս գալ ու կրնայ պահանջել, որ Միրիաթեան Գերապայծառ շարունակէ պաշտօնավարել որպէս կառավարիչ։

Յամենայնդէպս, եթէ բեմագրութիւններու կամ անուններու պարագային փոփոխութիւններ կամ անակնկալներ ալ պատահին, ապա ժամանակաւոր կառավարիչով շարունակելու հաւանականութիւնը պիտի բարձրանայ, եթէ Ս. Սինոդի այս օրուայ երկրորդ՝ յետմիջօրէի նիստն ալ գործնական, վերջնական արդիւնքով մը չպսակուի։

Ինչպէս հաղորդած էինք, Ս. Սինոդի նստաշրջանին մասնակցելու համար Զմմառի մէջ կը գտնուի նաեւ Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան։

Երեքշաբթի, Յուլիս 6, 2021