ԵՐԿՆԱՁԱՅՆ ԿԵՆԱՐԱՐ ԱՒԵՏԻՍ

Փրկչական 2022 թուանակին, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին մեծ շուքով նշեց տարուան առաջին տաղաւարը՝ Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը։ Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ աշխարհասփիւռ զաւակներու ուշադրութիւնը կեդրոնացած էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի վրայ, որու հոգեւոր ձգողականութիւնը եկաւ վերանորոգել համայն աշխարհի հայութեան միասնականութիւնը՝ տօնական աւետիսի հրաշազարդ խորհուրդով։

Նկատի ունենալով, որ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարը վերանորոգութեան մէջ կը գտնուի՝ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը տաղաւարի Ս. Պատարագը մատոյց Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, ուր տուաւ նաեւ իր աշխարհացրիւ հօտին ուղղեալ տօնական պատգամը։ Հայաստանի Հանրային հեռուստաընկերութիւնը եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Շողակաթ» հեռուստակայանը ուղիղ եթերով տեսասփռեցին մեծահանդէս ու հոգեպարար ամբողջ արարողութիւնը։ Այսպէսով համայն հայութիւնը հաղորդ դարձաւ տօնական հրճուանքին։

Առաւօտեան կանուխ ժամերուն Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ զանգերը սկսան ղօղանջել՝ ազդարարելով Սուրբ Ծնունդի աւետիսը։ Հայրապետական լրիւ հանդերձանքի մէջ Նորին Սրբութիւնը առաջնորդուեցաւ եկեղեցի՝ խաչվառազարդ ծանրաշուք թափօրով մը։ Ս. Պատարագի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետին առընթերակայ էին՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ ու վանական խորհուրդի ատենապետ Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան եւ Երեւանի Պետական համալսարանի Աստուածաբանութեան ֆաքիւլթէի տեսուչ Տ. Անուշաւան Եպսկ. Ժամկոչեան, որ միեւնոյն ժամանակ հոգեւոր տեսուչն է Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ։ Սրբազան երգեցողութիւնը Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի երգչախումբին կողմէ կատարուեցաւ գերազանց որակով՝ խոր տպաւորութիւն գործելով բոլորին վրայ, պայմանաւորելով տաղաւարի օրուայ հոգեւոր ապրումները։

Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ մեծահանդէս ջրօրհնէք՝ ի խորհրդանշումն Տէր Յիսուսի մկրտութեան եւ Աստուածայայտնութեան։

Հուսկ, Վեհափառ Հայրապետը դարձեալ տօնական աւետիսով եւ աղօթքով արձակեց՝ եկեղեցւոյ մէջ համախմբուած հոծ թիւով հաւատացեալները։ Նորին Սրբութիւնը դարձեալ ծանրաշուք թափօրով մը տաճարէն դուրս առաջնորդուեցաւ՝ մինչ հաւատացեալները հոգեւոր ջերմեռանդութեամբ շրջապատեցին զինքը՝ ներկայ տարեմուտին տօնական աւետիսով ստանալով անոր օրհնութիւնը, նաեւ առարկայ դառնալով հայրապետական սիրոյ եւ գուրգուրանքին։

Ուրբաթ, Յունուար 7, 2022