Հայ Եկեղեցւոյ Առաջաւորաց Պահքը

Ա­ռա­ջա­ւո­րաց  պահ­քը սկսաւ երէկ՝ Փետ­րուարի 6-ին, որ կը տե­ւէ հինգ օր:

Ա­ռա­ջա­ւո­րա­ցը ա­ռա­ջին պահքն է, որ հաս­տա­տուած է Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րի­չի կող­մէ եւ այդ իսկ պատ­ճա­ռով կը կո­չուի ա­ռա­ջուո­րաց՝ ա­ռա­ջին:

Ա­ւան­դու­թեան հա­մա­ձայն՝ Խոր Վի­րա­պէն ել­լե­լէ ետք՝ Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րի­չ  Տի­րոջ հրաշ­քով դար­ձի ե­կած Տրդատ ար­քա­յին, հա­յոց մե­ծա­մե­ծնե­րուն ու ողջ ժո­ղո­վուր­դին, նախ­քան մկրտե­լը՝ վաթսունհինգ օր շա­րու­նակ, Քրիս­տո­սի հա­ւատ­քը կը  քա­րո­զէր եւ այդ օ­րե­րէն հինգի ըն­թաց­քին պա­տուի­րեց պա­հե­ցո­ղու­թեամբ եւ ա­պաշ­խա­րու­թեամբ պատ­րաս­տուե­լու Մկրտու­թեան:

Հին ժա­մա­նակ­նե­րուն պահք ը­սե­լով կը հասկ­նա­յին մեր այ­սօ­րուան ծո­մը, այ­սինքն՝ ընդ­հան­րա­պէս ո­չինչ կ՚ու­տէին (ջու­րի սա­կաւ գոր­ծա­ծու­թեամբ) կամ կ՚ու­տէին միայն սա­կաւ բան­ջա­րե­ղէն: Բայց հե­տա­գա­յին, բան­ջա­րե­ղէ­նին ա­ւել­ցան բու­սա­կան ծա­գում ու­նե­ցող նաեւ այլ կե­րա­կուր­ներն ու մեղ­րը եւ այս տար­բե­րա­կը մտաւ պահ­քի ու ծո­մի մի­ջեւ՝ ծո­մը դարձ­նե­լով պահ­քի ա­ւե­լի խիստ տե­սակ: Այ­սօր, Ա­ռա­ջա­ւո­րաց պահ­քը պա­հե­լու կեր­պը՝ ծոմ, թէ սո­վո­րա­կան պահք, կը ձգեն հա­ւա­տա­ցեա­լի կամ­քին:

Ա­ռա­ջա­ւո­րաց պահ­քը կը նա­խոր­դէ Ս. Սար­գի­սի տօ­նին, սա­կայն տօ­նի հետ ա­նի­կա ո­րե­ւէ առըն­չու­թիւն չու­նի:

Իսկ ին­չո՞ւ հինգ օր պահք կը պա­հենք:

Մեր Ե­կե­ղեց­ւոյ Հայ­րե­րը ա­սոր կու տան քա­նի մը բա­ցատ­րու­թիւն:

Ա) Ինչ­պէս ար­դէն ը­սուե­ցաւ, Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րի­չի կար­գադ­րու­թեամբ՝ ողջ ար­քու­նի­քը եւ հայ ժո­ղո­վուր­դը ա­պաշ­խա­րու­թեան պահ­քի մէջ ե­ղան հինգ օր:

Բ) Քա­նի որ մար­դը հինգ զգա­յա­րան ու­նի՝ տե­սա­նե­լիք (աչ­քե­րը), լսե­լիք (ա­կանջ­նե­րը), հո­տո­տե­լիք (քի­թը), ճա­շա­կե­լիք (բե­րա­նը) եւ շօ­շա­փե­լիք (ձեռ­քերն ու ոտ­քե­րը), ո­րոնց­մով կը մե­ղան­չէ, ուս­տի այս պահ­քի հինգ օ­րե­րուն ըն­թաց­քին պի­տի գղջայ ա­սոնց­մով կա­տա­րած իր մեղ­քե­րուն հա­մար, խոս­տո­վա­նի զա­նոնք Աս­տու­ծոյ եւ ջա­նայ այ­լեւս չկա­տա­րել:

Գ) Ինչ­պէս յայտ­նի է, Աս­տուած աշ­խարհն ու այն­տեղ ե­ղած ա­մէն ինչ ստեղ­ծեց վեց օ­րուան մէջ: Վե­ցե­րորդ օ­րը ստեղ­ծեց մար­դը եւ, թէեւ մինչ այդ ար­դէն ստեղ­ծած էր բո­լոր տե­սա­կի կեն­դա­նի­նե­րը, տուած ա­նոնց ա­ճե­լու ու բազ­մա­նա­լու հրա­ման, սա­կայն ու­տե­լու հրա­ման դեռ չէր տուած: Այդ հրա­մա­նը՝ մար­դուն ու ամ­բողջ կեն­դա­նա­կան աշ­խար­հին տուաւ միայն վե­ցե­րորդ օ­րը, այ­սինքն՝ հինգ օր ետք: Ու­րեմն աշ­խար­հի ստեղծ­ման ա­ռա­ջին հինգ օ­րը, կա­րե­լի է ը­սել, պահ­քի կամ ծո­մի օ­րեր էին, քա­նի որ ամէն ոք ո­չինչ կ՚ու­տէր:

Դ) Ըստ Ե­կե­ղեց­ւոյ՝ հն­գօ­րեայ պահք սահ­մա­նած էին նաեւ Մով­սէ­սէն ա­ռաջ ե­ղած նա­հա­պետ­նե­րը: Ա­ւան­դու­թիւ­նը կ՚ը­սէ, թէ դրախ­տէն ար­տաք­սուե­լէ ետք՝ Ա­դա­մ հինգ օր ա­նօ­թի մնաց: Իր­մէ սոր­վե­լով՝ ա­նոր որ­դի­ներն ալ հնգօ­րեայ պահք պա­հած են, օ­րի­նակ, Ա­բէ­լը՝ զոհ մա­տու­ցե­լէ ա­ռաջ, կամ Սէ­թը, երբ իր հայր Ա­դա­մը մե­ռաւ: Ե­նովքն ալ հինգ օր պահք կը պա­հէր ա­մէն ամ­սուան սկիզ­բը, իսկ Նո­յը այս պահ­քը պա­հած է տա­պան մտնե­լէն ա­ռաջ եւ այն­տե­ղէն ել­լե­լէն ետք: Աբ­րա­հա­մը, Յա­կո­բը եւ Յով­սէփն ալ հնգօ­րեայ պահք պա­հած են: Եւ ըստ մեր Ե­կե­ղեց­ւոյ հայ­րե­րու բա­ցատ­րու­թեան՝ Ա­ռա­ջա­ւո­րաց պահ­քի՝ նաեւ նա­հա­պետ­նե­րէն սահ­մա­նուած ըլ­լալն է պատ­ճա­ռը, որ այս պահ­քի ա­ռա­ջին չորս օ­րե­րուն րնթաց­քին (Եր­կու­շաբ­թիէն մին­չեւ Հինգ­շաբ­թի) Աս­տուա­ծա­շուն­չէն հա­տուած­ներ՝ ըն­թեր­ցուած­ներ չեն կար­դար ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, ո­րով­հե­տեւ այս պահ­քը հաս­տա­տուե­ցաւ այն ժա­մա­նակ, երբ դեռ չէին գրուած ո՛չ Հին Կտա­կա­րա­նի, ո՛չ ալ ա­ռա­ւել եւս Նոր Կտա­կա­րա­նի գիր­քե­րը:

Երեքշաբթի, Փետրուար 7, 2017