ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԱՒԵՏՄԱՆ ՏՕՆԻ ԱՌԹԻՒ ՊԱՏԳԱՄԸ

Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին այսօր կը նշէ Աւետման տօնը։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այս առթիւ հրապարակեց հետեւեալ պատգամը։

*

Սուրբ Աստուածածնի Աւետման տօնը պետական տօնակարգին մէջ հաստատուած է՝ որպէս Մայրութեան, գեղեցկութեան եւ սիրոյ տօն։ Այս օրը մեր եկեղեցիներուն մէջ կը կատարենք օրհնութեան կարգ մայրութեան բերկրանքին սպասող կանանց համար, մաղթելով, որ Աստուած շնորհառատ զաւակներ պարգեւէ եւ լիառատ պահէ սէրն ու համերաշխութիւնը ընտանեկան յարկի ներքեւ։ Հոգենորոգ տօնի առթիւ հայրապետական մեր օրհնութիւնը կը բերենք բոլորին, ի մասնաւորի մայրութեան բերկրանքին սպասող կանանց։

Այսօր մեր սուրբ եկեղեցիներէն Աստուածածնի աւետման հրեշտակաձայն աւետիսը կը հնչէ. «Ուրախ եղիր, ով շնորհընկալ, Տէրը քեզի հետ է»։ Փրկչի աշխարհ գալու բերկրալի լուրը, զոր առաջինը լսեց Ս. Տիրամայրը, նորոգած եւ օրհնութեամբ լեցուցած է նաեւ մեր ժողովուրդի կեանքը։ Դարեր շարունակ այս լուսաբեր աւետիսով ոգեշնչուած  եւ զօրացած է քրիստոնեայ մեր ժողովուրդը, իսկ մեր մայրերն ու քոյրերը, օրինակ ունենալով Սուրբ Կոյսը, նուիրագործած են իրենց կեանքը՝ ապրելով հաւատքով եւ առ հայրենին սիրով ու հաւատարմութեամբ։

Մեր ժողովուրդի համար դժուարին այս օրերուն Ս. Հոգւոյ սփոփանքն ու Բարձրեալի զօրակցութիւնը կը հայցենք ազգիս բոլոր զաւակներուն, ի մասնաւորի Արցախի նոր պատերազմի կորուստներու ու արհաւիրքներու ցաւը կրող մայրերուն, քոյրերուն ու դուստրերուն։

Կ՚աղօթենք, որ Տիրամօր բարոյախօսութեամբ յարուցեալ Փրկիչը խաղաղութիւն ու բարօրութիւն պարգեւէ համայն աշխարհին, մեր երկրին ու հաւատաւոր ժողովուրդին։ Թող Տիրոջ հանապազ պահպանութիւնն ու շնորհները հովանի ըլլան մայրութեան բերկրանքին սպասող կանանց, որպէսզի Աստուածպաշտութեան, հայրենանուիրումի եւ ազգանուիրումի ոգիով սնեն ու դաստիարակեն իրենց զաւակները եւ Աստուած բոլոր կանանց, մայրերուն ու քոյրերուն պարգեւէ երջանկութիւն, բարօրութիւն ու ամենայն բարիք, այսօր եւ միշտ. ամէն։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 7, 2021