ՎԵՐԱՆՈՐՈԳ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ

Աւագ շաբթուան արարողութիւնները ընթացքի մէջ են՝ վերանորոգ խորհուրդով։ Երէկ, Աւագ հինգշաբթի եւ այսօր, Աւագ ուրբաթ, հոգեպարար եկեղեցական արարողութիւնները անբացատրելի զգացումներ առթեցին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ զաւակներուն։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը Ոտնլուայի կարգ կատարեց Ս. Տրդատի բաց խորանին առջեւ՝ Յիսուս Քրիստոսի օրինակով։

Ուրբաթ, Ապրիլ 7, 2023