ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայաստանի Գեղարքունիքի մարզէն հիւրեր, որոնք ներկայացան Գեղարքունիքի թեմի առաջնորդական տեղապահ Տ. Պարթեւ Վրդ. Բարսեղեանի ուղեկցութեամբ։ Գեղարքունիքի մարզպետ Գնել Սանոսեան եւ մարզային իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ Նորին Սրբութեան կողմէ հիւրընկալուեցան Վեհարանի երդիքին տակ, ուր նախ Տ. Պարթեւ Վրդ. Բարսեղեան ներկայացուց հիւրերը։ Ապա մարզպետ Գնել Սանոսեան շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար։ Մարզպետը ուրախութեամբ յայտնեց, որ Գեղարքունիքի մէջ մարզպետարանի եւ թեմի միջեւ սերտ համագործակցութիւն մը մշակուած է։ Ան կարեւորեց թեմի հոգեւորականներու մարզի բնակչութեան հոգեւոր կեանքի ամրապնդման ուղղեալ գործունէութիւնը։ Միեւնոյն ժամանակ, Սանոսեան ընդգծեց Հայ Եկեղեցւոյ դերակատարութիւնը պետականաշինութեան գործին մէջ։ Ան Նորին Սրբութեան փոխանցեց նաեւ տեղեկութիւններ՝ մարզէն ներս ձեռնարկուած տնտեսական, ընկերային եւ մշակութային ծրագրերու շուրջ։

Աւելի վերջ Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց հիւրերը, որոնց փոխանցեց իր օրհնութիւնը։ Ան գնահատեց մարզային իշխանութիւններու կողմէ թեմի եկեղեցիներու, վանական համալիրներու եւ պատմամշակութային վայրերու պահպանման, վերանորոգման ու բարեկարգման նկատմամբ ցուցաբերուած ուշադրութիւնը։ Այս առումով Վեհափառ Հայրապետը մատնանշեց, որ հոգեւոր կեանքի ամրութիւնը կը նպաստէ ժողովուրդի բարօրութեան եւ յառաջընթացի կերտման։  

Երեքշաբթի, Յուլիս 7, 2020