ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՑԱՒԱԿԻՑ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը աշխարհահռչակ Ճիվան Գասպարեանի մահուան առթիւ երէկ ցաւակցական մը ուղարկեց արուեստագէտի սգաւոր ընտանիքին։ Վեհափառ Հայրապետը մշտամրմունջ աղօթքն ու օրհնութիւնը ընդգծած է ցաւակցականին մէջ, ուր նշուած է հետեւեալը.

«Հայ երաժշտարուեստի երախտաւոր, տաղանդաշատ տուտուկահար Ճիվան Գասպարեան ի Տէր ննջեց ստեղծագործական բուռն գործունէութեան հարուստ վաստակով, սիրուած ու գնահատուած մեր ժողովուրդին կողմէ։ Ան տասնեակ տարիներ Հայաստանի եւ արտերկրի բազմաթիւ բեմերուն վրայ ներկայացուց հայ երաժշտարուեստի գոհարները՝ ծառայելով մեր մշակոյթի ճանաչման ու տարածման երախտարժան գործին։

«Բարեյիշատակ Ճիվան Գասպարեանի կատարումները լայնօրէն օգտագործուած են նաեւ համաշխարհային շարժանկարի ասպարէզէն ներս մեծ յաջողութիւններ արձանագրած ժապաւէններու մէջ։ Տուտուկի մեծ վարպետը իր ուրոյն ձեռագրով ու արուեստագէտի ճաշակով արժանացած է հայրենական ու միջազգային բազմաթիւ պարգեւներու ու մրցանակներու, պետական բարձր կոչումներու»։

Նորին Սրբութիւնը ցաւակցականին մէջ հայցած է, որ ողորմածն Աստուած երկնային իր հանգրուաններուն լոյսերու ու խաղաղութեան մէջ ընդունի հանգուցեալ իր ծառայի՝ Ճիվան Գասպարեանի լոյս հոգին եւ արժանացնէ երանաւէտ հանգստեան։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 7, 2021