ՖՐԱՆՍԱՀԱՅ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը երէկ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց ֆրանսահայ խումբ մը աշակերտներ։ Այսպէս, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին հիւրը եղան Մարսէյլի «Համազգային» վարժարանի եւ Փարիզի Դպրոցասէր կանանց միութեան վարժարանի աշակերտները, որոնց ուղեկցեցաւ նաեւ ֆրանսահայ յայտնի բարերար Սարգիս Պետոյեան։ Հարկ է նշել, որ մինչեւ համավարակի շրջանը այս երկու վարժարաններու սաները ամէն տարի աւանդաբար կ՚այցելէին Հայաստան եւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին։ Վեհարանի երէկուան հանդիպման ընթացքին Նորին Սրբութիւնը գոհունակութիւն յայտնեց, որ այդ աւանդութիւնը արդէն վերականգնուած է։

Վեհափառ Հայրապետը ֆրանսահայ սաներուն յորդորեց ներկայ այցելութեան տպաւորութիւններով խանդավառուած ջանասիրութեամբ շարունակել ուսումը։ Ան պատգամեց նաեւ զօրացնել իրենց կապը եկեղեցւոյ հետ ու մշտապէս հաղորդ ըլլալ ազգային արժէքներուն, որպէսզի կարողանան անխաթար պահել իրենց ինքնութիւնը։ Ան գնահատանքով արտայայտուեցաւ նաեւ բարերարին, վարժարաններու տնօրէններուն, ուսուցչական կազմերուն եւ հոգաբարձուներուն մասին։ Իրենց հերթին, ֆրանսահայ աշակերտներն ալ Վեհարանի գահասրահին մէջ հանդէս եկան երաժշտական կատարումներով եւ ասմունքներով՝ հաճելի անակնկալ մատուցելով Վեհափառ Հայրապետին։

Հինգշաբթի, Յուլիս 7, 2022