ԻՆՔՆՈՒՐՈՅՆՈՒԹԵԱՆ ԴՐՕՇԱԿԻՐ

Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի թեմի նախաձեռնութեամբ այս շրջանին կը կազմակերպուին առցանց դասախօսութիւններ։ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Հայկազուն Արք. Նաճարեան հանդէս կու գայ դասախօսութիւններով։ Ծրագրի առաջին փուլը տեղի ունեցած է ամառնամուտին, իսկ վերջերս կազմակերպուած երկրորդ դասախօսութեան նիւթը եղած է «Հայ Եկեղեցին հայկական պետականութեան կողքին. Դարերու տեւողութեան հայապահպանութեան գործին բերուած նպաստը»։ Ըստ թեմի աղբիւրներու հաղորդումներուն, իւրաքանչիւր ամսուայ վերջին չորեքշաբթին կը նախատեսուի նման դասախօսութիւններու շարունակութիւնը։

Տ. Հայկազուն Արք. Նաճարեան երկրորդ դասախօսութեան ընթացքին բացատրութիւններ տուած է Հայ Եկեղեցւոյ դիմագրաւած սպառնալիքներուն, պետութիւն-եկեղեցի յարաբերութիւններուն շուրջ։ Ան մասնաւորապէս կանգ առած է այն վճռորոշ դերակատարութեան վրայ, զոր Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կը վիճակի Հայաստանի ճակատագրին տեսակէտէ։ Նորին սրբազնութիւնը ընդգծած է, որ Հայ Առաքելական Եկեղեցին կը համախմբէ աշխարհացրիւ հայ ժողովուրդը եւ այդ առումով շատ կարեւոր գործօն մը կը հանդիսանայ։ Ան շեշտած է, որ Եկեղեցին հայոց ինքնուրոյնութեան դրօշակիրն է։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2021