ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆԸ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ Է ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԿԱՐԵՒՈՐ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎ ՄԸ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ՝ այս շաբթուան երկրորդ կէսին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ նախատեսուած է հետաքրքրական համաժողով մը։ «Միջազգային կրօնական ազատութիւն եւ խաղաղութիւն» խորագրեալ համաժողովը տեղի պիտի ունենայ 9-10 սեպտեմբերին։ Այս նախաձեռնութեան ընթացքին պիտի քննարկուին հակամարտութեան գօտիներէ ներս դէպի պաշտամունքի վայրեր մուտքի հնարաւորութեան, կրօնական եւ ազգային փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան, հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանման եւ նմանատիպ այլ խնդիրներու վերաբերեալ նիւթեր։

Արցախի երկրորդ պատերազմէն վերջ հայ հաւատացեալները զրկուած են պատմական վանքեր եւ եկեղեցիներ մուտք գործելու իրենց իրաւունքէն։ Առկայ է մտավախութիւն Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներէ ներս հազարաւոր հայկական եկեղեցիներու, պատմական ու հնագիտական նշանակութեամբ վայրերու պահպանման առընչութեամբ։ Համաժողովի նպատակն է մէկ վայրի մէջ համախմբել զանազան երկիրներէ կրօնական առաջնորդներ եւ յառաջատար մասնագէտներ ու գիտնականներ՝ համաշխարհային հոգեւոր-մշակութային եւ պատմական ժառանգութեան պահպանութեան վերաբերեալ քննարկումներու մասնակցելու։ Համաժողովի հետապնդած նպատակներէն մին է նաեւ՝ մշակել միջազգային կրօնական ազատութեան եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանման վերաբերեալ առաջարկներ, որոնք կրնան լայնօրէն կիրառուիլ ապագային։

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան համակարգը տեղեկացուց, որ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչները հնարաւորութիւն պիտի ունենան հետեւելու այս համաժողովին։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2021