ԼԱՅՆ ՈՒ ԴՐԱԿԱՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳՆԵՐ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի եւ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Տ.Տ. Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապի միջեւ երէկ առաւօտ Վատիկանի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման արձագանգները կը շարունակուին։ Այս տեսակցութեան ներկայ էր նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Վատիկանի այս հանդիպումը ստեղծած է շատ լայն ու դրական արձագանգ։ Օրուայ սկիզբին Վեհափառ Հայրապետը Սրբազան Պապին հետ ունեցաւ առանձնազրոյց մը։ Աւելի վերջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ալ առանձնազրոյց մը ունեցաւ Նորին Սրբութեան հետ։ Այս հանդիպումներու աւարտին Վեհափառ Հայրապետը, Սրբազան Պապը եւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը յարակից դահլիճին մէջ մէկտեղուեցան ներկայ հոգեւորականաց դասու անդամներուն եւ աշխարհականներէ բաղկացեալ խումբին հետ։ Վեհափառ Հայրապետի պատուիրակութեան մասնակից հոգեւոր հայրերն ու ազգային գործիչները մի առ մի ներկայացան Նորին Սրբութեան եւ ստացան անոր օրհնութիւնը։ Ջերմ մթնոլորտի մը մէջ անցաւ այս փուլը, որու ընթացքին Սրբազան Պապը կարճ զրոյցներ ունեցաւ բոլորին հետ եւ անոնց յանձնուեցան յուշանուէրներ։

Բացի հոգեւորականաց դասէն, Վեհափառ Հայրապետին հետ Սրբազան Պապին ներկայացած ազգային գործիչներն էին՝ Նուպար Աֆէեան, Ռուբէն Վարդանեան, լորտ Արա Տարզի, Ժոզէֆ Ուղուրլեան, Ալպէր Պօղոսեան, Վարուժան Ներկիզեան, Վահէ Կապրաշ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեան։

Վեհափառ Հայրապետի եւ Սրբազան Պապի հանդիպումը աւարտին հասաւ յուշանուէրներու փոխանակումով։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2021